Ճէք Եուրէճեան Հայաստանի Գիւղերու Ուսանողներուն Յատուկ Կրթանպաստի Հիմնադրամ Հաստատեց

Լոս Անճելըսէն բարերար Ճէք Եուրէճեան եւ անոր կինը՝ Զարան, Հայաստանի գիւղերու հազարաւոր ուսանողներու աջակցութեան ձեռք երկարելու նպատակով, կրթանպաստի յատուկ հիմնադրամ հաստատած են։

Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի (COAF) գործունէութեան տարածքներուն մէջ գտնուող դպրոցներու աշակերտներուն այս ձեւով աջակցելու որոշումին խթանը հանդիսացած է Եուրէճեաններուն՝ 2019ին այցելութիւնը Հայաստան, ուր անոնք նշմարած էին բարձրագոյն ուսման հետեւող ուսանողներուն նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը։

Հիմնադրամը արդէն իսկ կրթանպաստներ տրամադրած է համալսարան յաճախող 102 ուսանողներու եւ Եուրէճեաններուն նպատակն է այդ թիւը ամէն տարի բարձրացնել։

Ճէք Եուրէճեան ծնած եւ հասակ նետած է Երուսաղէմի մէջ, շրջանաւարտ ըլլալով տեղւոյն Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանէն, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ դեղագործութեան մէջ դոկտորի կոչումը ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն եւ 1977ին հաստատած է Western Drug Medical Supply ընկերութիւնը։ Ան բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու իր երազին իրականացման մէջ կարեւոր կը համարէ «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամէն ստացած աջակցութիւնը եւ իր կարգին կ՛ուզէ նպաստել յաջորդ սերունդներուն։

Եուրէճեանները 2019ին արժանացած էին Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի «Մարդասիրական մրցանակ»ին. անոնք Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան այլ միջոցներով եւս աջակցութիւն ցուցաբերած են։

Մեկնաբանել