«Կրցանք մթնոլորտ մը ստեղծել, ուր արեւմտահայերէնը սկսաւ ըլլալ հետաքրքրական». դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան

Լոնտոնի School of economics-էն դոկտորական իր վկայականը ստացած եւ 2013-էն ի վեր Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէնութիւնը ստանձնած Ռազմիկ Փանոսեանին հետ ՍիվիլՆեթի «Տրոփ» ծրագրով Աբօ Պողիկեան զրուցեց հիմնարկութեան ձեռնարկած աշխատանքներու մասին։

Արեւմտահայերէնի գործածութեան տարածման եւ լեզուի զարգացման յստակ ռազմավարութեան մը վրայ հիմնուած աշխատանքներու արդիւնքէն գոհ է Փանոսեան եւ յոյս ունի որ անոնց շարունակականութիւնը պիտի ապահովուի ծրագիրներու շուրջ հաւաքուած երիտասարդներու մեծ շրջանակի մը կողմէ։

Ծրագրուած աշխատանքներու շարքին են նաեւ արեւմտահայերէնը Հայաստանի ժողովուրդին ծանօթացնելու ուղղուած ձեռնարկներ։

Մեկնաբանել