Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Օգնութիւնը Ուքրանահայ Գաղթականներուն

Սփիւռքահայ այլ համայնք մը վտանգուած է այսօր։ Այս անգամ Ուքրանիոյ հայ համայնքն է։ Ուքրանիոյ պատերազմը արտակարգ աղէտի պատճառ դարձած է եւ շտապ օգնութիւնը անհրաժեշտ է այս պատերազմէն տուժած հայերուն համար։ Ուքրանիայէն ստուար թիւով անհատներ եւ ընտանիքներ ապահով ապաստանարան կը փնտռեն սահմանամերձ երկիրներու մէջ, ինչպիսէս՝ Լեհաստանի, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ։

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը Եւրոպայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան եւ Պուլկարիոյ ծառայութեան դաշտի իր գործակիցներու լայն ցանցին միջոցով իրավիճակը գնահատելէ ետք, մարդասիրական օգնութեան ձեռք երկարեց՝ հասնելու ուքրանահայ գաղթականներուն, որոնք Պուլկարիա հասնելով ապահով օրրան մը կը փնտռեն։ Պուլկարիոյ մեր Հայ աւետարանական եկեղեցիները, գլխաւորութեամբ Վառնայի եկեղեցիներու հովիւներ վեր. Պետրոս Ալթունեանի եւ պատուելի Ներսէս Կէտիկեանի, ամէն օր կապի մէջ են տեղահանուած գաղթականներուն հետ, անոնց կարելի եղածին չափ արագօրէն տրամադրելու անհրաժեշտ անմիջական նպաստ եւ օգնութիւն։ Վառնա գտնուող գաղթականներուն մեծ մասը տեղաւորուած է յատուկ հանգստեան տուներու մէջ (փանսիոն), ուր անոնց կը տրամադրուի ուտելիք, բժշկական օգնութիւն եւ այլ անհրաժեշտ միջոցներ։ Յատուկ օգնութիւն եւ աջակցութիւն կը տրամադրուի նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Հայաստան փոխադրուիլ եւ հաստատուիլ հայրենիքի մէջ։ Պատուելի Ներսէս Կէտիկեան կապի մէջ է նաեւ տարածաշրջանի Հայաստանի դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն հետ, Ուքրանիոյ, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հետ՝ համակարգելու համար օգնութեան աշխատանքները եւ օժանդակելու այն գաղթականներուն, որոնք կը փափաքին Հայաստան տեղափոխուիլ։

Պուլկարիոյ եւ մերձակայ երկիրներու մէջ գտնուող ուքրանահայ գաղթականները շտապ օգնութեան գծով կրնան կապ հաստատել պատուելի Ներսէս Կէտիկեանի հետ՝ [email protected] հասցէով։

Աւետարանչականի ուքրանահայ գաղթականներու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ջանքերուն աջակցելու համար կրնաք ձեր նուիրատուութիւնները ուղարկել AMAA, 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652 հասցէին կամ առցանց՝ www.amaa.org կայքին վրայ:

Պատերազմը վէճերու լուծում չէ։

Աղօթենք պատերազմի աւարտին համար։

Աղօթենք պատերազմի զոհերուն համար։

«Վերջապէս, եղբայրներ, ո՛ղջ եղէք։ Կատարեա՛լ եղէք, լա՛ւ մխիթարուեցէք, միաբա՛ն եղէք, խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք. Եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ» (Բ. Կորնթացիս 13. 11):

Մեկնաբանել