Հայոց բանակի դիմադրութեան շնորհիւ էր զինադադարը

բանակ- army

Այս գրութեան վերնագիրը պէտք է ըլլար «բանակ, բանակ, բանակ»։

Ես կը կիսեմ այն արդէն քիչ քիչ տարածուող կարծիքը, որ Ատրպէյճան համաձայնեցաւ զինադադար կնքել Հայոց բանակի դիմադրութեան ուժգնութեան շնորհիւ, վկայ՝ թշնամիի յատուկ ջոկատայիններու կորուստները։

Այո, Հայոց բանակը նոյնիսկ իր սահմանափակ միջոցներով անակնկալի բերաւ թշնամիին, որ կը յուսար, աւելի շատ համոզուած էր, որ դիւրութեամբ պիտի ճեղքէ մեր պաշտպանական դիրքերը, որ հաւատացած էր, որ կոտրուած է Հայոց բանակի մարտունակութիւնը, ոգին, որ հայ զինուորները առաջին իսկ հարուածներէն խուճապի պիտի մատնուին ու փախուստի դիմեն եւ Զանգեզուրին տիրանալը խաղ ու պար պիտի ըլլայ։

Ամօթով պէտք է խոստովանինք, որ մեր մէջ ալ շատեր կորսնցուցած էին իրենց հաւատքը հայ զինուորի խիզախութեան հանդէպ։

Այո, ծանր կորուստներ ունեցանք, հրաշք տղաներ նահատակուեցան եւ անոնց թանկագին արեան գնով էր որ կասեցուեցաւ թշնամիի յառաջխաղացքը։

Այո, միջազգային միջնորդութիւնները իրենց դերը կատարեցին։ Սակայն մեր սահմաններու պաշտպանութեան միակ յուսատու երաշխաւորը կը մնայ Հայոց բանակը է, որու հանդէպ ազգովին պարտական ենք։ Պարտական ենք նահատակներուն, վիրաւորներուն, հաշմանդամ դարձած զինուորներուն, ծնողներուն ու հարազատներուն։

Այս պարտաւորութեան զգացողութիւնը պէտք է համատարած ըլլայ մեր հայրենաբնակ եւ սփիւռքի հայութեան մէջ։ Պարտաւորութիւնը պէտք է վերածուի նիւթական եւ բարոյական նեցուկի։ Անվերապահ նեցուկի, այդ բառի իսկական առումով։

Նիւթական նեցուկը պիտի չըլլայ քնապարկի, սնունդի, հագուստի ու ծխախոտի տեսակ ապրաքներով։ Փառք Աստուծոյ, բանակը, ինչպէս կը յայտարարուի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւններու մէջ, ապահովուած է այդ բոլորով։ Նեցուկը պէտք է ըլլայ դրամական, արդէն իսկ գործող հիմնադրամներու միջոցով, հիմնադրամներ որոնք արժանացած են հանրութեան վստահութեան եւ որոնք հնարաւորութիւն ունին ուղղակի կամ անուղղակի ճամբով բանակի համար անհրաժեշտ այլ հարցեր լուծել։ Հիմնադրամները իրենք պատասխանտու են իրենք զիրենք ներկայացնելու հանրութեան եւ բանակի պատասխանատուները, առաջին հերթին պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք է իր խիստ վերահսկողութեան տակ պահէ բոլորը, հաշիւ պահանջէ բոլորէն։

Դուք որոշեցէք ուր պիտի փոխանցէք ձեր նուիրատուութիւնները։ Ահա երկու առաջարկներ իմ կողմէս.

Զինծառայողների ապահովագրության հիմնադրամ

Armenian Wounded heroes fund

Մեկնաբանել