Գերի Պահուող Վիգէն Էօլճեքճեանի Հարցով՝ Ատրպէյճանի Դեսպանը Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Կանչուեցաւ

Լիբանանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Աղա Սալիմ Շոքորով կանչուեցաւ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ ընդունուեցաւ նախարարութեան քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու տնօրէն Ղատի Խուրիի կողմէ:

Ատրպէյճանի դեսպանին փոխանցուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան դժգոհութիւնը Պաքուի մէջ գերի պահուող լիբանանահպատակ Վիգէն Էօլճեքճեանի հարցին գծով Ատրպէյճանի ձգձգումներուն եւ Լիբանանի դիմումները անպատասխան ձգելուն պատճառով:

Վիգէն Էօլճեքճեանի ձերբակալման թուականէն՝ 10 Նոյեմբեր 2020էն ի վեր, Լիբանան բազմիցս դիմած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անոր ազատ արձակումը պահանջելով: Միաժամանակ մերժուած է Թեհրանի մօտ Լիբանանի դեսպանին կողմէ (նկատի ունենալով, որ Լիբանան դեսպան չունի Պաքուի մէջ)՝ Վիգէնը տեսնելու իրաւունքը:

Նկատի ունենալով Վիգէնի առողջական վիճակը եւ հարցին քաղաքական բնոյթը՝ Ղատի Խուրի պահանջեց, որ Ատրպէյճան արագ միջոցներու դիմէ հարցին լուծում գտնելու համար:

Մեկնաբանել