Հայկական գորգարուեստը գողցուած է մեզմէ. Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան

Հայկական գորգարուեստը միջազգային մակարդակի վրայ անցեալին իւրացուած է եւ ներկայացուած իբրեւ թրքական կամ ատրպէյճանական մշակոյթի մաս, ափսոսանքով կը վկայէ արեւելեան գորգագործութեան մասնագէտ Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան։

1980-ական թուականներուն հայկական գորգագործութեամբ հետաքրքրուած խումբ մը հայորդիներու ջանքերով հետեւողական աշխատանք տարուած է թրքական եւ ատրպէյճանական ոտնձգութիւններէն փրկելու եւ հայկական մշակոյթին վերադարձնելու մեր գորգարուեստի վարպետներու ստեղծած հրաշալի ժառանգութիւնը։ Հրաչ այդ խումբի գործօն անդամներէն է։

Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն Լոս Անճելոս լաւագոյն գորգագէտի տիտղոսին տիրացած Հրաչ Աբօ Պողիկեանին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ գորգագործութեան նուիրուած թանգարան մը ստեղծելու ծրագիրը կ՝ուզէ իրականացնել։

Մեկնաբանել