Փայլան Արցախի արգելափակման գծով հարցումներ ուղղեց

Agos

Ամենայն խստու­թեամբ կը շա­րու­նա­կուի Լա­չինի մի­ջանցքը փա­կելով ար­ցա­խահա­յու­թիւնը շրջա­փակ­ման մէջ պա­հելու Ատրպէյ­ճա­նի վայ­րագ ռազ­մա­վարու­թիւն։ Հայ­կա­կան սփիւռքն ալ կը փոր­ձէ իր ապ­րած եր­կիրնե­րէ ներս իշ­խա­նու­թիւննե­րու մօտ ահա­զանգ հնչեց­նել գո­յացած ճգնա­ժամի մա­սին։ Այս առու­մով Թուրքիոյ խորհրդա­րանի ան­դամ, Ժո­ղովուրդնե­րու ժո­ղովրդա­վարա­կան կու­սակցու­թեան պատգամաւոր Կա­րօ Փայ­լան խորհրդա­րանին մէջ անդրա­դար­ձաւ Ար­ցա­խը Հա­յաս­տա­նին կա­պող միակ ճամ­բուն Լա­չինի մի­ջանցքի` Պա­քուի կող­մէ առա­ւել քան մէկ ամի­սէ ի վեր շա­րու­նա­կուող ար­գե­լափակ­ման եւ շարք մը հար­ցումներ ուղղեց Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Մեւ­լուտ Չա­ւու­շօղլո­ւին։ Փայ­լան Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րին ուղղեց հե­տեւեալ հար­ցումնե­րը.

ա) Ի՞նչ կ՛ընէք Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մէջ խո­րացող մար­դա­սիրա­կան ճգնա­ժամի լուծման հա­մար։

բ) Ի՞նչ դի­ւանա­գիտա­կան նա­խաձեռ­նութիւննե­րու կը ձեռ­նարկէք Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղը Հա­յաս­տա­նին կա­պող Լա­չինի մի­ջանցքի բաց­ման հա­մար։

գ) Տե­ղեա՞կ էք, որ Լա­չինի մի­ջանցքի ար­գե­լափա­կու­մը կը փա­կէ տա­րածաշրջա­նին մէջ խա­ղաղու­թեան հաս­տատման հնա­րաւո­րու­թեան պա­տու­հա­նը։

դ) Ին­չո՞ւ Թուրքիա, որ կը հպար­տա­նայ՝ ըսե­լով, թէ կը մի­ջամ­տէ աշ­խարհի բազ­մա­թիւ մար­դա­սիրա­կան ճգնա­ժամե­րու, եւ իր աչ­քը չի թար­թեր ար­գե­լափակ­ման մէջ գտնո­ւող Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի 120,000 հա­յերուն օգ­նե­լու համար։

Մեկնաբանել