Հայաստանն ու Միջին Արեւելքը պահպանած են մեղեդին, Արեւմուտքը՝ ոչ

Արաբական աշխարհը երգչախմբային զարթօնք կ՝ապրի, «Զարկերակ»ին կ՝ըսէ Լիբանանի առաջին պետական երգչախումբի՝ «Ֆէյհա»ի խմբավար մայստրօ Պարգեւ Թասլաքեան (զրոյցի առաջին 5:30 ռոպէներուն, մայսթրոն կը խօսի «Ֆէյհա»յի նուաճումներուն մասին)։

Եւրոպական երաժշտութիւնը գլխաւորաբար կը յենի արհեստագիտութեան (տեխնիքայի) վրայ, կորսնսցնելով մեղեդին, կ՝ըսէ Թասլաքեան, որուն կարծիքով Հայաստանի մէջ մեղեդին պահպանուած է իբրեւ հիմք քառաձայն երաժշտութեան։

Հայաստանի երաժշտական արուեստը, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան ուսման մակարդակը շատ բարձր գնահատող մայստրոն կը բացատրէ, թէ ինչու ինք հասած է այդ եզրակացութեան։

Եւրոպայէն շատ սորվելու բան չգտնող խմբավարը կը խոստովանի, որ Հայաստանի մէջ իր շփումները երաժիշտներու հետ հարստացնող է, ինք միշտ սորվելիք կը գտնէ այս միջավայրին մէջ։

Մայսթրոն նաեւ անդրադարձաւ հայ երաժշտութիւնը միջազգային արուեստասէր հասարակութեան ներկայացնելու ուղղուած իր նախաձեռնութիւններուն։

Մեկնաբանել