Բարեփոխումներու ճամբով

Անհերքելի իրողութիւն է որ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ բազմաթիւ բարեփոխումներ կատարուած են, եթէ համեմատենք մէկ-երկու տասնամեակ առաջ: Մասնաւորաբար պետական հաստատութիւններու ծառայողական մակարդակը ահագին բարելաւուած է: Վերադարձէս ետք, անձամբ գործ ունենալով քանի մը նախարարութիւններու տարբեր մասնաբաժիններու հետ, ակնյայտ էր ծառայողական տարբերութիւնը քսան տարի առաջուան հետ: Իհարկէ, այս բարեփոխումները ժամանակի եւ պայմաններու պահանջն են, բայց եւ այնպէս իր կատարելութեան չհասած գործընթացի մը շարունակութիւնն են: Հետեւաբար տակաւին շատ խնդիրներ կան այս ոլորտին մէջ, որոնք լուծման կարիք ունին:

Պետութիւնը, սակայն, անկախ նախարարութիւններու ծառայութիւններէն, ունի պարտաւորութիւն իր քաղաքացիներուն հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտները կարգաւորելու եւ վերահսկելու:

Հայաստանի եւ մասնաւորաբար Երեւանի մէջ կը յամենան հասարակական բազմաթիւ խնղիրներ, որոնց բարելաւման կամ բարեփոխման պատասխանատուութիւնը կը կրեն թէ պետական համապատասխան մարմինները եւ թէ քաղաքացիները հաւասարապէս:

Երեւանի փողոցներով շրջագայելու ժամանակ ակամայ կը նկատէք կարգ մը երեւոյթներ, որոնք քաղաքակիրթ երկիրի եւ անոր քաղաքացիներուն վայել չէ:

Առաջին անընդունելի երեւռյթին որ ականատես կը դառնանք, ազդալոյսերը չյարգող քաղաքացիներն են: Այստեղ խօսքը կը վերաբերի հետիոտն անցորդներու, որոնք կարմիր լոյսի տակ երբ նկատեն թէ ինքնաշարժ չկայ, ճամբան կը հատեն: Սա ընդվզեցուցիչ երեւոյթ է եւ քաղաքացիական գիտակցութեան բացակայութեան դրսեւորում։ Քաղաքացին պարտաւոր է տառացիօրէն յարգել երկիրին օրէնքները, եւ այդ ձեւով կրնայ պահանջատէր դառնալ պետութեան, որպէսզի վերջինս եւս տառացիօրէն գործադրէ իր իսկ ընդունած օրէնքները:

Ուշադրութիւնս գրաւած է որ ազդալոյսերը չյարգողները ընդհանրապէս միջին տարիքի անձինք են: Իսկ երիտասարդներն ու պատանիները աւելի օրինապահ են: Առիթով մը, Նալպանտեան-Սայեաթ Նովա խաչմերուկին կանգնած էի ազդալոյսին, կողքիս երիտասարդ հայր մը իր քանի մը տարեկան տղուն կը բացատրէր լոյսերուն նշանակութիւնը եւ բնականաբար միայն կանաչին հետ հատեց ճամբան:

Երկրորդ անընդունելի երեւոյթը, որուն ականատես կ’ըլլանք հանրային երթուղայիններու պարզած վիճակն է: Ընդհանրապէս Հայաստանի եւ մանաւանդ Երեւանի երթեւեկութիւնը բաւականին կարգաւորուած է: Մայրաքաղաքին մէջ տարբեր շրջաններ կարելի է հանրային երթուղայինով դիւրութեամբ հասնիլ, Երեւանէն տարբեր շրջաններ եւս երթեւեկութիւնը ապահովուած եւ կարգաւորուած է, բայց…

Ահաւոր է երթուղայիններուն յաճախորդներուն սպասարկման պայմանները: Քսան հոգի առնող երթուղայինի մէջ կը թխմուին մինչեւ քառասուն-քառասունհինգ հոգի: Իհարկէ այստեղ բացայայտ չարաշահում եւ շահագործում կայ: Վարորդները գիտնալով որ գոյութիւն ունեցող երթուղայինները չեն բաւարարեր բոլոր քաղաքացիներուն, իսկ քաղաքացիներն ալ ժամանակին տեղ հասնելու հարկադրանքէն մղուած, երթուղայինները, ինչպէս նշեցի, բերնէ բերան կը լեցուին: Դպրոցական վերամուտով այս երեւոյթը աւելի պարզորոշ դարձաւ: Առաւօտեան, դպրոցականներով եւ աշխատանքի գացողներով բերնէ բերան լեցուած երթուղայինները կը բանին նոյն ձեւով: Սա անհասկնալի է:

Գերխճողուած երթուղայինները նախ եւ առաջ հակաառողջապահական են, մասնաւորաբար քորոնայի այս ժամանակաշրջանին, երբ մարդկային հեռաւորութիւն պահելը անհրաժեշտութիւն է վարակէն խուսափելու համար: Այս երեւոյթին գլխաւոր եւ առաջին պատասխանատուն պետութեան համապատասխան մարմիններն են: Ինչպէս որ քաղաքացիին փոխադրութիւնը կազմակերպելն ու հեշտացնելը պետութեան պարտականութիւնն է, նոյնպէս այդ փոխադրութեան բարենպաստ եւ առողջարար պայմաններու ստեղծման համար պատասխանատու է պետութիւնը: Այստեղ կայ նաեւ քաղաքացիին իբրեւ մարդ յարգելու, անոր երթեւեկութեան որակի նախանձախնդրութեան մօտեցումը: Պետութիւնը պէտք է գիտակցի թէ ինք որքան շատ կը յարգէ իր քաղաքացին, որքան տէր կը կանգնի անոր տարրական իրաւունքներուն, այնքան ալ քաղաքացին հետամուտ կ’ըլլայ իր երկիրի օրէնքները յարգելու եւ գործադրելու:

Դժբախտաբար գերխճողուած երթուղայինները միմիայն երեւանեան երեւոյթ չեն: Նոյն վիճակին են նաեւ, օրինակ, Գառնի-Երեւան սպասարկող երթուղայինները;

Այս անընդունելի երեւոյթին հիմնական պատճառը քանի մը դրամ յաւելեալ շահ ապահովելու մոլուցքն է: Ահաւասիկ այստեղ է պետութեան վերահսկողի դերակատարութիւնը: Պետութիւնը պէտք է պարտաւորեցնէ երթուղայինի ընկերութիւններուն ոչ մէկ յաւելեալ յաճախորդ չվերցնել, բայց միաժամանակ բաւարար փոխադրակառքեր դնել յաճախորդներուն տրամադրութեան տակ, ապահովելու անոնց անխափան փոխադրութիւնը:

Այս խնդրին լուծման մէջ դերակատար պէտք է ըլլան նաեւ քաղաքացիները, որոնք ղժբախտաբար համակերպած են ստեղծուած իրավիճակին եւ դժգոհութեան կամ բողոքի ոչ մէկ արտայայտութիւն կը լսուի անոնց կողմէ:

Այս խնղիրին լուծումը մեծ ծրագիրներու մշակման չի կարօտիր, ոչ ալ միլիոնաւոր տոլարներու ներդրում կ’ենթադրէ. այլ պարզապէս քաղաքացիին մարդկային իրաւունքները յարգելով յաւելեալ քանի մը տասնեակ երթուղայիններ դնել սպասարկման մէջ, աւելի պատշաճ եւ մարդավայել փոխադրում ապահովելով քաղաքացիներուն:

Ի տարբերութիւն Երեւանին, Գառնիի գիւղապետարանը որդեգրած է օրինակելի քայլ մը: Երեւան ուսանող կամ աշակերտողներու համար անվճար փոխադրակառք մը տրամադրած է, որ առաւօտեան զանոնք կը հասցնէ Երեւան:

Բայց եւ այնպէս երթուղայիններու հարցը հրատապ է եւ պատկան մարմինները անպայմանօրէն պէտք է դիմեն քայլերու իրենց քաղաքացիներու արժանապատուութեան եւ առողջութեան սիրոյն:

Մեկնաբանել