Ինքնագլուխ ձեռնարկ մը

Վռամշապուհ Նարեկեան, Պոլիս

Պետրոս Դուրեանի շիրիմը, որ կը գտնուի Պոլսոյ Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ, կատարուած նորոգութեան աշխատանքներէ վերջ պիտի բացուի շաբաթ կատարելի ոգեկոչման հանդիսութեամբ մը։ 1898-ին մեծ բանաստեղծի եղբօր՝ Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի միջոցներով իր վերջին տեսքին բերուած շիրիմը, որ 1950-ական թուականներուն կատարուած ճանապարհաշինական աշխատանքներուն հետեւանքով փոխադրուած էր իր այսօրուան տեղը, վերստին կը զբաղեցնէ հայ մտաւորականներուն օրակարգը։

Պոլսահայ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան նիւթին շուրջ յօդուած մը գրի առած էր «Ակօս»ին մէջ, ուրկէ կը տեղեկանանք, որ Դուրեանի շիրմասիւնին ճիշդ առջեւը, այսինքն հոն ուր կը ննջէ մեծ քերթողը, տեղադրուած է մարմարիոնէ հսկայ քարակոյտ մը։ Դուրեանի շիրմին նրբութեան հետ անհամաչափ ու աններդաշնակ այդ զանգուածին վրայ քանդակուած է «Իմ մահը» բանաստեղծութեան բնագիրն ու թրքերէն թարգմանութիւնը։ Տէյիրմենճեանի համաձայն, պատմական յուշարձան մը նկատուող շիրիմը տեղադրուած այս հսկայ քարակոյտով աղաւաղուած է եւ վայրը, որ նիւթ հայթայթած է մեր դասական գրականութեան հեղինակներուն, օտարացած է այլեւս իր այցելուներէն։ Տէյիրմենճեան նաեւ կը նշէր, թէ «Իմ մահը» քերթուածին վերջին քառեակը շիրմին ետեւի կողմը քանդակուած էր 1898-ին, Եղիշէ Դուրեանի կողմէ։ «Աչքէ հեռու տեղ մը, հասանելի միայն անոնց, որոնք աւելի հետաքրքրուած՝ պիտի մօտենային շիրիմին, պիտի դառնային շուրջը եւ պիտի զարմանային՝ սիւնի ետեւ կարդալով բանաստեղծութեան վերջին տունը, պիտի ուրախանային իրենց գիւտով։ Իսկ հիմա նոյնիսկ անկարելի է դառնալ շիրմին շուրջը, ուր մնաց կարդալ Եղիշէ Դուրեանի կողմէ քանդակուած քառեակը», կը յայտնէ յօդուածագիրը։

Հարցին շուրջ զրուցեցինք Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Պայծառ Սոլաքի հետ։ Նշենք, որ Սկիւտարի գերեզմանատան պատասխանատուութիւնը կը պատկանի այս թաղային խորհուրդին։ Մեր զրուցակիցը յայտնեց, թէ Պալեան գերդաստանի շիրմի նորոգութենէն ետք, բարերար Հրաչ Անուշաւան Քըրմըզեան կը շրջէր գերեզմանատունը ու տեսնելով Դուրեանի շիրիմը որոշեց նորոգել տալ։ Աւելի ետք թրքահայ ճարտարապետներու «Հայճար» միութեան ու բարերարին միջեւ հաստատուեցաւ կապ մը եւ արդիւնքին ի յայտ եկաւ այժմ կատարուած աշխատանքը։ Պատասխանելով մեր հարցումին, պատասխանատուն յայտնեց, թէ հարկ եղած տեղեկութիւնները տրուած են նաեւ պատրիարքարան, Արամ արք. Աթեշեանի փոխանորդութեան շրջանին։

«Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Էօզքարակէօզ ալ յայտնեց, թէ բարերար Քըրմըզեանի առաջարկին ընդառաջելով պատրաստած են Դուրեանի շիրմին նորոգութեան նախագիծը, որու հեղինակն է քանդակագործ Դաւիթ Այնալը։ Աշխատանքի ընթացքին նորոգած են շիրիմը, ամրացուցած են զայն, կատարած են բարեկարգում, մաքրած են մարմարիոնը։ Քարակէօզի նկատառման յանձնեցինք այն հանգամանքը, որ Դուրեանի գերեզմանը իրաւական որեւէ ժառանգորդ չունի, հետեւաբար պատասխանատու մարմինէ մը արտօնութիւն առնուա՞ծ է նախքան շիրմին ամբողջականութիւնը եւ պատմական դիմագիծը աղաւաղող քարակոյտի տեղադրումը։ Ան յայտնեց, թէ տեղադրուած քարակոյտին մասին որեւէ մէկէ արտօնութիւն չեն առած, պաշտօնական որեւէ մարմինի կամ մասնագէտի հետ չեն խորհրդակցած, այլ պարզապէս տեղեակ պահած են թաղի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը։ Իսկ պատրիարքարանը իրաւասու չէ նման արտօնութիւններ տալու։

Խօսեցանք նաեւ շիրմին նորոգութեան բարերարին՝ Հրաչ Քըրմըզեանին հետ։ Ըստ իրեն, նման քարակոյտի մը տեղադրմամբ իրենք շիրմին վրայ որեւէ փոփոխութիւն կատարած չեն համարուիր, այլ պարզապէս ուզած են նման յաւելում մը կատարելով ցոյց տալ որ կը յիշեն մեծ բանաստեղծը։ Իրեն եւս հարցուցինք, թէ որեւէ մասնագէտի կամ մարմինի հետ խորհրդակցաբա՞ր առնուած քայլ մըն է ասիկա։ Քըրմըզեան յայտնեց, թէ տեղեակ պահած են եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, սակայն որեւէ մասնագէտի կամ մարմինի հետ չեն խորհրդակցած։

Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպսկ. Մաշալեան հաստատեց, թէ գերեզմանատուներէ ներս կատարելի նորոգութիւններու պարագային պատրիարաքանը որեւէ իրաւասութիւն չունի։ Ան ըսաւ, որ Դուրեանի շիրմին նորոգութենէն ինք եւ տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան տեղեակ չեն եղած։ «Դուրեանի եւ նման անձերուն գերեզմանները ուխտատեղիներու վերածուած են եւ նախքան զանոնք որեւէ փոփոխութեան ենթարկելը նկատի պէտք է ունենալ մասնագէտներու, մտաւորական շրջանակներու կարծիքները եւս», ըսաւ Սահակ եպիսկոպոս։

Ըստ երեւոյթին ինքնագլուխ կատարուած աշխատանք մը կայ մէջտեղը, ինչ որ աններելի զանցանք մը կարելի է նկատել երբ նիւթը կը վերաբերի Պետրոս Դուրեանի նման համազգային նուիրականութեան մը։

Մեկնաբանել