Զիս շունդ կը դարձնե՞ս

Արաբ մեծահարուստներ շատ կան, որոնք օգնութեան ձեռք կը մեկնեն իրենց բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, հայերուն մէջ մեծահարուստներ չմնացին:

-Արաբները ոսկի ունին, հինէն ի վեր ոսկի կը պահեն: Անոնց համար տարբերութիւն չ’ըներ՝ սուրիական դրամին արժեզրկուիլը կամ չարժեզրկուիլը:

Իսլամ արաբները ունին կրօնական կարեւոր պարտաւորութիւն մը՝ ԶԷՔէԹը. ունեւորները պարտաւոր են այս կամ այն առիթով նիւթապէս օգնել իրենց կարօտեալ հաւատակիցներուն: Հարուստ արաբները երկիւղածութեամբ կը կատարեն իրենց այս պարտքը նոյնիսկ առանց առիթներու սպասելու:

Տագնապէն առաջ նոյնը կը կատարէին հալէպահայ մեծահարուստները, Ազգային պատսպարանն ու Ազգային ծերանոցը ունէին բազմաթիւ բարեկամներ, տարուան բոլոր օրերուն Ծերանոցի ճաշերը կ’ապահովուէին հիւրասիրութեամբ, մեծ էր դպրոցական կրթաթոշակներու նուիրատուներուն թիւը: Եկեղեցիներուն նուիրատուութիւններ կը կատարուէին առատաձեռնութեամբ, բայց ի տարբերութիւն արաբներու հայ մեծահարուստները հազուադէպօրէն կ’օգնէին անհատ կարօտեալներու. հայերու պարագային տալն ու առնելը բարեսիրական կազմակերպութիւններու միջոցով կը կատարուէր, նոյնը կարելի է ըսել նաեւ տագնապի տարիներուն մասին:

Տագնապին (ճիշդ պիտի ըլլար ըսել քաղաքացիական պատերազմին) պատճառով Հալէպի մէջ մեծահարուստ հայ չմնաց. անոնց գործատեղիները քանդուեցան, պահեստանոցները թալանուեցան, առեւանգուելու կամ կեանքի սպառնալիքի վախէն անոնք հեռացան քաղաքէն: Անոնց մէջ քիչ թիւով մարդիկ գտնուեցան որոնք ոչ միայն դրամահաւաքներու միջոցով այլ նաեւ անպաշտօն կերպով օգնեցին եւ կը շարունակեն օգնել Հալէպ մնացած նախ իրենց ազգականներուն, ապա նաեւ այլ կարօտեալներու:

-Հալէպի մէջ մէկ հարուստ իսկ չմնա՞ց, իր ազգակիցներուն օգնող,- իրաւացիօրէն պիտի հարցնեն դուրսի մեր հայրենակիցները:

Իրականութիւնն այն է, որ մենք բոլորս այս տարիներուն մեր ապրուստը հոգալու համար վարժուեցանք մեր աշխատանքէն աւելի՝ նպաստներուն յենելու, բացարձակ մեծամասնութիւնը աղքատացաւ, թէեւ մնացին հարուստներ եւ անոնցմէ ոմանք բացայայտ կամ գաղտնօրէն օգնութեան ձեռք կ’երկարեն ծանօթ եւ անծանօթ կարիքաւորներու:

Հեռատեսօրէն առնուած քայլով, 2012-ին արդէն կազմուած էր Շտապ Օգնութեան Կեդրոնական Մարմինը, որուն մաս կը կազմէին եւ իրենց նիւթական ներդրումը ունեցած էին Հալէպի հայկական բոլոր միութիւնները: Նոյն թուականի Հոկտեմբեր 4-ի Սաատ Ալ Ալլահ Ալ Ճապրիի պայթումէն ետք Սուրիական տագնապը մեծ քայլերով հասաւ Հալէպ, ընդդիմադիր զինեալները գրաւեցին նախ Սալահ Էտ Տին թաղամասը, ապա ամբողջ արեւելեան Հալէպը, տիրեցին վախն ու սարսափը, մեր թաղամասերուն մէջ կային մարդիկ որոնք գիշերները իրենց հագուստներով կը քնանային, իրենց կողքին պահելով անհրաժեշտ փաստաթուղթերն ու ունեցած քանի մը կտոր ոսկեայ կամ արծաթեայ զարդերը, չէ՞ որ զինեալները ամէն վայրկեան կրնային ներխուժել մեր թաղերը… պէտք էր փախուստ տալու պատրաստ ըլլալ, առանց գիտնալու թէ ո՞ւր:

Ապահովութեան չքանալուն կողքին, բնականաբար տնտեսապէս ալ անկում ապրեցանք. բազմաթիւ գործատեղիներ քանդուեցան, համատարած բնոյթ ստացաւ գործազրկութիւնը, դրամը արժեզրկուելու ճամբան բռնեց, Հալէպ բերող բոլոր ճամբաները փակուեցան եւ հալէպահայութիւնը սնանկացաւ: Վապետ արհեստաւոր տղամարդիկ առտու տուներէն դուրս կ’ելլէին, այս կամ այն խանութի մօտ հաւաքուելու եւ նարտի խաղալու, թղթախաղն ալ մեծ տարածում գտաւ, ընդհանրացաւ նաեւ գինեմոլութիւնը, հսկողութենէ հեռու պատրաստուած աժան խմիչքներու պատճառաւ մեռնողներ կամ կուրցողներ ալ եղան:

Անշուշտ տագնապի սկիզբէն իսկ պարզուեցաւ որ միութիւններու հաւաքած դրամները ոչինչ են հալէպահայերու կարիքներուն դիմաց եւ հալէպահայերը տագնապը «յաջողեցան» դիմագրաւել միայն ու միայն համայն աշխարհի հայերուն կողմէ տրամադրուած օգնութիւններուն շնորհիւ: Պէտք է նշել, որ թէեւ բազմաթիւ անհատ հայեր նպաստներ կը ստանային նաեւ օտար կազմակերպութիւններէ, սակայն Շտապ Օգնութեան Կեդրոնական Մարմինն ու հայկական այլ կազմակերպութիւններ երկար ատեն կը մերժէին օտար բազմաթիւ կազմակերպութիւններու օգնութեան դիմել, միշտ տարակուսանք եւ կասկած յայտնելով անոնց դրամներու աղբիւրներու մասին, հակառակ անոր որ բոլորն ալ պաշտօնապէ՛ս կը գործէին Սուրիոյ մէջ: Վերջերս միայն պաշտօնական մեր մարմինները սկսան օգտուիլ այդ կազմակերպութիւններու նիւթական միջոցներէն:

Հիմա երբ Հալէպի մէջ պատերազմ չկայ, ամէն մարդ կ’աշխատի: Քիչ թիւով հայ առեւտրականներ լաւ կը շահին, թէեւ ունին մեծ գլխացաւեր, որոնցմէ գլխաւորը մաքսատան պաշտօնեաներն են, որոնք ամէն վայրկեան կրնան մտնել վաճառատուն եւ խուզարկել, ու նոյնիսկ որեւէ ապօրինի ապրանք չգտնելու պարագային կոկիկ գումար մը գրպանելէ ետք միայն հեռանալ: Լաւ կը շահին գործատէր արհեստաւորները, որոնց թիւն ալ նուազած է. շատեր իրենց գործատեղիները կորսնցուցած ըլլալով դարձած են գործաւորներ, ասոնք լաւ կը վճարուին սակայն անոնց գանձածը շատ հեռու է ընտանիքին ծախսերը կարենալ հոգալէ, նոյնն է պարագան բոլոր ասպարէզներու պաշտօնեաներուն, որոնց շարքին անշուշտ ուսուցիչներուն, որոնցմէ շատեր կը փորձեն իրենց վայել այլ աշխատանք մը եւս գտնել ու յաճախ չեն յաջողիր: Հալէպի մօտաւորապէս 500 հարիւր հայ համալսարանականներէն մէկ հինգերորդը տղաք են, անոնց մէջ մեծ է թիւը ամենատարբեր աշխատանքներ կատարողներուն, մանաւանդ որ անոնք չեն շտապեր աւարտել ուսումը՝ զինուոր չդառնալու համար, եւ կը սպասեն երկրէն հեռանալու յարմար առիթի: Համալսարանական աղջիկներուն մեծ մասը կը փորձէ դպրոցական աշակերտներու մասնաւոր դասեր տալով իր ծախսերուն մէկ մասը հոգալ. բարեբախտաբար մեծ է թիւը համալսարանական կրթաթոշակներէ օգտուողներուն: Նշենք որ Սուրիոյ մէջ պետական համալսարանները անվճար են, կամ ընտրեալ մասնագիտութեան համար պահանջուածէն քանի մը նիշ պակաս ունենալու պարագային որոշ գումար մը կը պահանջուի ուսանողէն, որ շատ աւելի նուազ է քան մասնաւոր համալսարաններու վճարումները:

Հիմա բոլորին խօսակցութեան նիւթը Նոր տարիէն ետք նպաստներու հաւանական դադրեցումն է: Կարելի է ըսել թէ այդ պարագային հալէպահայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը պիտի յայտնուի անելանելի կացութեան մէջ: Պէտք է շեշտել այն է, որ բացի նպաստը արհեստ դարձուցած քիչ թիւով անձերէ, ոեւէ մէկը չ’ուզեր նպաստ ստանալ, սակայն կարիքը կը ստիպէ իրեն նպասընկալի վիճակին մէջ մնալ: Բոլորը կ’աշխատին, սակայն չեն կրնար ծայրը ծայրին հասցնել:

Մինչեւ ե՞րբ իր աշխատասիրութեամբ յայտնի հալէպահայ գաղութը այս նուաստացուցիչ վիճակին մէջ պիտի մնայ…

Հալէպի մէջ շատեր եթէ մէկ անգամ թաքսի նստին, ապա ստիպուած են քանի մը անգամ քալելով տեղէ տեղ երթալ:

Երէկ թաքսի նստած էի, երանի նստած չըլլայի:

-Շուն ունի՞ս,- կը հարցնէ թաքսիի վարորդը ուղեւորին:

-Ո՛չ,- անակնկալ հարցումին կը պատասխանեմ տարակուսանքով:

-Եղբայր, մինչեւ կէսօր դպրոցի մը մէջ կ’աշխատիմ, կէսօրէ ետք մինչեւ գիշեր թաքսի կը քշեմ ու չեմ կրնար երեք զաւակներս մարդավարի ապրեցնել, ամիսներով միս չի մտներ մեր տուն, հարցը միայն միսը չէ՛, շահածս ուտելիքի հազիւ կը բաւէ: Այս ամառ մէկ անգամ ընտանիքով ռեստորան գացինք, յետոյ մէկ շաբաթ անօթի մնացինք… Այս տարի դպրոցական կրթաթոշակներն ալ պիտի գանձեն եղեր, ուրտեղէ՞ն պիտի բերեմ… Փողոցները յաճախ կը տեսնեմ շուն պտտցնող մարդիկ.. շուներուն տեսքը իմ զաւակներուս տեսքէն լաւ է, շուներուն տեսքը նոյնիսկ իրենց տէրերուն տեսքէն լաւ է… շուները մեզմէ լաւ կ’ապրին… զիս քու շունդ կը դարձնես…:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 22 Հոկտեմբեր 2017

Մեկնաբանել