Ազատագրուած Տարածքներու Վրայ 5 Տուն՝ 5 Ընտանիքի

Անցնող քանի մը օրերը բեղուն օրեր էին «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»ին համար։ Դարձեալ Արցախ էինք, խումբ մը աջակիցներով եւ գործընկերներով՝ մեր բազմակողմանի եւ բազմաշերտ ծրագիրներուն ծանօթանալու եւ արդիւնքները տեսնել-գնահատելու մտադրութեամբ։

Առաջին օրը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցանք, նաեւ տեղի ունեցաւ գրող Վահան Զանոյանի զրոյցը՝ ուսանողներուն հետ։ Յաջորդ օրերուն այցելեցինք ազատագրուած Քաշաթաղի հիւսիսային եւ հարաւային գիւղերը։ Կովսականի (նախկին Զանգելան) մէջ երկու տուն յանձնեցինք նոր բնակիչներու։ Անոնցմէ մէկը սուրիահայ Լուսին Կարապետի ընտանիքն էր, Գամիշլիէն։ Լուսինը իր երկու դուստրերուն, մանչ զաւակին ու հարսին հետ արդէն կ՚ապրի Կովսականի մէջ, ուր անցնող տարիներուն տասնեակ մը սուրիահայ ընտանիքներ նոր կեանք սկսած են։

Տուներ յանձնեցինք նաեւ Մոշաթաղի եւ նախապէս՝ Հերիկ, Հակ գիւղերու նոր բնակիչներու։ Մոշաթաղի մէջ բացումը կատարեցինք նաեւ համայնքային կեդրոնի մը, որ պիտի դառնայ շրջանի գիւղերու մշակութային եւ ընկերային գործունէութեան օճախ։

Այլ գործերու եւս ծանօթացանք, այցելեցինք տարբեր գիւղեր եւ հետեւեցանք գիւղատնտեսական ծրագիրներու առաջընթացին։

Հաճելի անակնկալ Հոկտեմբեր 3-ի առաւօտը։ Նախաճաշէն ետք երբ կը պատրաստուէինք մեկնելու շրջաններ, գործընկերներս յիշեցուցին որ տարեդարձս է եւ անակնկալ «տօնակատարութիւն» մը կազմակերպեցին։
Այցելութեան աւարտին, գոհ էինք արդիւնքներէն եւ ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձանք Երեւան։

Մեկնաբանել