Արտահերթ ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւնը, տիկնայք եւ պարոնայք, քմահաճոյքէն կախեալ չէ

Խորհրդարանական «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը Փետրուար 7-ին ժողով գումարեր է եւ որոշեր է արտահերթ ընտրութիւններ չկազմակերպել, որովհետեւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, այսինքն Բարգաւաճ Հայաստանն ու Լուսաւոր Հայաստանը դէմ արտայայտուէր են եղեր այս առաջարկին:

«Իմ քայլը» լաւ գիտէ, որ արտահերթ ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան հանրութեան պահանջով՝ ճգնաժամային վիճակէ դուրս գալու համար: Սա է խորհրդարանական համակարգի տրամաբանութիւնը: Այս օրերուն երկրի ճգնաժամը դժուար թէ կարելի ըլլայ լուծել խորհրդարանական ուժերու ներկայ յարաբերակցութեամբ եւ Ազգային Ժողովի այս դրուածքով… Խորհրդարանական երեք խմբակցութիւնները շատ լաւ գիտեն նաեւ, որ երկրի առջեւ ծառացած խնդիրները այնքան խորն են, որ ոչ հազար, ոչ ալ միլիոն քայլ առնելով Հայաստանը բարգաւաճ ու լուսաւոր պիտի չըլլայ…

Ի դէպ, արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պէտք է ունենան լուծելու համար նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութեան խնդիրը: Այսօր ո՛չ Լուսաւոր, ոչ ալ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութիւնը լուրջ ընդդիմութիւն կրնայ ըլլալ, որովհետեւ երկուքն ալ ձախողած են իրենց գործունէութեան մէջ եւ չեն ներկայացնէր հանրութեան ընդդիմադիր լայն հատուածը:

Արտահերթ ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւնը, տիկնայք եւ պարոնայք «Իմ քայլ»ականներ, խորհրդարանական իշխանական եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու քմահաճոյքէն կախեալ չէ, այլ՝ հանրութեան տրամադրութենէն: Սորվեցէք այլեւս հանրութեան հետ խօսիլ եւ շոշափել անոր բազկերակը, այլապէս դուք ալ պիտի միանաք «նախկին» կոչուած քաղաքական լուսանցքայնացուած շրջանակներուն: Եթէ չէք միացած արդէն…

Արտահերթ ընտրութիւներէն ետք անմիջապէս պէտք է անդրադառնալ նաեւ Սահմանադրութեան բարեփոխման խնդիրներուն: Նախկիններու զեղծուած հանրաքուէով ժողովուրդին կոկորդէն բռնի իջեցուած այս Սահմանադրութիւնը այնքան թերի է, որ երեք տարիէ ո՛չ մէկ ճգնաժամ կրցած է յաղաթահարել: Այսպէս կ’ըլլայ, երբ Սահմանադրութիւն կը ձեւեն-չափեն ու կ’անցնեն պարզապէս իշխանութիւն պահելու կամ կիսելու համար: Սա ալ ի մէջ այլոց…

Լուսանկարը՝ Ֆոտոլուրի

Մեկնաբանել