Ամերիկացի քոնկրեսականներ կը զօրակցին Արցախի անկախութեան

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Քոնկրեսի հայկական համախմբումի անդամները նշած են Արցախի Հանրապետութեան 30-ամեակը եւ խոստացած շարունակել Միացեալ Նահանգներ-Արցախ կապերը ամրապնդելու ջանքերը։

Այս առիթով քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն իր հրապարակած ուղերձին մէջ նշած է. «Մենք ջանասէրօրէն կ՛աշխատինք նախագահ Պայտընի եւ անոր վարչակազմին հետ՝ ծախսերու նախագիծին վրայ, փորձելով ստանալ առաւելագոյն օգնութիւնը Արցախին համար, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն վերակառուցել, ինչպէս նաեւ պատժել Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, իրենց յարձակողապաշտ քայլերուն համար: Ես նաեւ կը փափաքիմ տեսնել Արցախի` իբրեւ պետութիւն, իբրեւ երկիր ճանաչումը, տեսնել պաշտօնական յարաբերութիւններ Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ինչպէս նաեւ յառաջընթաց՝ խաղաղութեան գործընթացին մէջ»։

Քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաօ իր կարգին յայտարարած է. «Կ՛աջակցիմ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովրդին դէմ Ազրպէյճանի բռնարարքները դատապարտելու ջանքերուն եւ պիտի շարունակեմ աշխատիլ Քոնկրեսի իմ գործընկերներուն հետ հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու, Ազրպէյճանին ռազմական օգնութիւնը դադարեցնելու եւ Արցախին եւ Հայաստանին յաւելեալ օգնութիւն ապահովելու ուղղութեամբ»։

Իսկ, Արցախի Հանրապետութեան 30 ամեակը շնորհաւորելով քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ ընդգծած է. «Կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան օրը, երբ 30 տարի առաջ Արցախի խիզախ ժողովուրդը հռչակեց իր անկախութիւնը Խորհրդային Միութիւնէն։ Հակառակն անոր, որ Արցախի երթը երբեք դիւրին չի եղած, վերջին պատերազմը Արցախի ժողովուրդը աննկարագրելի փորձութիւններու ենթարկեց: Դժուարութիւններ դիմակայելու ձեր տոկունութիւնը կը քաջալերէ բոլորս: Եկէք այս կարեւոր օրը նուիրուինք Արցախի ժողովուրդի առջեւ ծառացած բազմաթիւ սպառնալիքները դիմակայելու գործին»։

Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ ուղերձներ յղած են նաեւ քոնկրեսականներ Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու եւ Ճիմ ՄըքԿավըրն, պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակել աշխատանքը՝ Արցախին յատկանշական աջակցութիւն ապահովելու եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման հասնելու ուղղութեամբ:

Մեկնաբանել