Իր դռները բացած է Մա­­լաթիոյ Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեցին

«Ակօս» կը տեղեկացնէ, թէ Մա­­լաթիոյ Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեցին կամ ժո­­ղովուրդի սի­­րած կո­­չու­­մով «Թաշ­­խո­­­րան»-ը, որ եր­­կար տա­­րիներ ան­­տէր մնա­­լէ ետք վե­­րանորոգուած էր տեղւոյն պե­­տական եւ շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րու մի­­ջոց­­նե­­­րով, 28-29 օգոս­­տոսին հանդիսութիւններով իր դռները բացած է ուխտա­­ւոր հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րու։

28 օգոստոսին, նախագահութեամբ՝ Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. պատրիարքին, կատարուած է նորոգեալ եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, ապա նաւակատիքի եւ օծման արարողութիւնը։ Իսկ 29 օգոստոսին, կա­­տարո­­ւած է նո­­րօծ եկե­­ղեց­­ւոյ անդրա­­նիկ պա­­տարա­­գը։

Այս առիթով Պոլսոյ Հայոց պատ­­րիար­­քարանի տարածած տեղեկատւութեան համաձայն, Սահակ Բ. եկե­­ղեց­­ւոյ կար­­գա­­­վիճա­­կին մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցած է իր կատարած քարոզին ընթացքին, յատկապէս ըսելով, թէ եկե­­ղեցին ու­­նի մշա­­կոյ­­թի կեդ­­րո­­­նի կար­­գա­­­վիճակ, սա­­կայն այնտեղ կա­­րելի պի­­տի ըլ­­լայ նաեւ Մա­­լաթիոյ ժո­­ղովուրդին հո­­գեւոր կա­­րիք­­նե­­­րուն հա­­մաձայն արա­­րողու­­թիւն կա­­տարել։

Մէկ խօսքով, անգամ մը եւս Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքին պատկանող եկեղեցիէ մը խլուած է «եկեղեցի»-ի իր կարգավիճակը։

«Նոր Մարմարա» կը հաղորդէ, որ այս հարցին անդրադարձած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան, վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հարցումներ ուղղելով Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Մէհմէտ Նուրի Էրսոյին։ Ան մասնաւորապէս պահանջած է, որ նախարարը պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն.

«1. Մալաթիոյ եկեղեցին ինչո՞ւ «եկեղեցի» չ՛անուանուիր եւ ինչո՞ւ ցուցապաստառին վրայ որեւէ գրառում չկայ այդ մասին։ Գրուած է միայն «Թաշխորան մշակոյթի կեդրոն»։

2. Ինչու՞ կառոյցը չվերականգնեցիք որպէս եկեղեցի։

3. Ինչու՞ հայ համայնքին պատկանող կալուածը չվերադարձուցիք հայ համայնքին։

4. Մշակութային ի՞նչ գործունէութիւն կը նախատեսէք իրականացնել եղեղեցւոյս մէջ։

5. Առանց խաչի եկեղեցի գոյութիւն չունի։ Ինչո՞ւ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ խաչ չզետեղեցիք։

6. Արդեօք Հայ հայրենակիցները ձեր արտօնութի՞ւնը պիտի խնդրեն այն ծէսերուն ու աղօթքներուն համար, զորս պիտի կատարեն իրենց սեփական եկեղեցիներուն մէջ»։

Եկեղեցւոյ կարգավիճակի հարցը կը մնայ խնդրահարոյց եւ ցաւոտ, սակայն լաւատեսական կողմ մըն ալ ունի Մալաթիոյ նորոգեալ եկեղեցւոյ բացումը, թէկուզ՝ որպէս մշակոյթի կեդրոն։ Այդ մէկը լաւապէս ներկայացուած է «Ակօս»-ի լրատւութեան մէջ, ուր վերջին բաժնին մէջ գրուած է. «Այս հանգրո­­ւանին խակ երազ մը չէ ակնկա­­լել թէ ինչպէս նշո­­ւած է (Պատրիարքի) քա­­րոզին մէջ եկե­­ղեցին իր հետ բե­­րէ նաեւ կոր­­սո­­­ւած որ­­դի­­­ները։ Այս ակնկա­­լու­­թիւնը կ՛ու­­նե­­­նանք նկա­­տի ու­­նե­­­նալով Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի Սուրբ Կի­­րակոս եկե­­ղեց­­ւոյ օրի­­նակը, ուր վե­­րանո­­րոգու­­թե­­­նէ ետք մագ­­նի­­­սական ազ­­դե­­­ցու­­թիւն մը ու­­նե­­­ցած էր տեղ­­ւոյն ու­­ծա­­­ցած հա­­յու­­թեան հա­­մար։»

Մեկնաբանել