«Լրագրողներ Առանց Սահմանի»-ն Կը Նշէ. Ազրպէյճան Լրագրողներու Համար Ամէնէն Մահացու Երկիրներու Ցուցակին Վրայ Է

Ազրպէյճան տեղ գտած է լրագրողներու համար ամէնէն մահացու երկիրներու` 2021 թուականի ցուցակին վրայ: Այս մասին իր զեկուցումին մէջ յայտնած է «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը:

Ցուցակին վրայ տեղ գտած են նաեւ Մեքսիքան` լրագրողի սպանութեան 7 դէպքով, Աֆղանիստանը` 6 դէպքով եւ Հնդկաստանը` 3 դէպքով:

Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած է լրագրողներու մահուան 2 պարագայ` այնպէս, ինչպէս Չինաստանի, Պանկլատեշի, Եմէնի, Պաղեստինի եւ Պուրքինա Ֆասոյի մէջ:

Մեկնաբանել