Հալէպ․ մաղթանքներէն անդին

Բոլորս՝ մեծէն պզտիկ իրարու մաղթանքներ ուղղեցինք, գեղեցիկ եւ բարի մաղթանքներ…

Ժամանակը չէ՞, որ բոլորս իրարու համար գեղեցիկ եւ բարի արարքներ կատարենք:

Ժամանակն է:

Հալէպի մասին խօսելու եթէ ըլլանք, պէտք է ըսենք, որ ճիշդ է, մեր պատասխանատուները անցնող այս տարիներուն կրցածնուն չափ օգնեցին ժողովուրդին, սակայն անոնց ուշադրութիւնը ցարդ սեւեռուած մնաց գաղութի հաւաքական կեանքի շարունակականութիւնը ապահովող ազդակներու վրայ: Անոնք յաջողեցան ապահովել դպրոցներու եւ միութիւններու կենսունակութիւնը. եկեղեցիին մասին մտահոգուիլ պէտք չէր, եկեղեցին ինքն արդէն միշտ օգնողի դեր կատարած է:

Գաղութին նօսրացումը կու գայ մեզի ըսելու, որ նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է իւրաքանչիւր ընտանիքի հոգերով հետաքրքրուիլը. ընտանիքներուն միմիայն սննդակողովներ, եւ գոյութիւնը պահպանելու չափ նիւթական օգնութիւն տալը զանոնք բախտի քմահաճոյքին ձգելու պէս բան մըն է:

Անշո’ւշտ պէտք է պահենք մեր դպրոցները, սակայն որո՞ւ համար, եթէ դպրոց յաճախող պիտի չմնայ. չէ՞ որ 2021-ին Հալէպի մէջ ընդամէնը 45-50 հայ մանուկներ լոյս աշխարհ եկած են, նախորդ երկու տարիներուն՝ 150, իսկ ատկէ առաջուայ ամբողջ 5-6 տարիներու ընթացքին՝ 500-550 ծնունդ ունեցած ենք: Ծնունդներու թիւերը անընդհատ նուազում կ’արձանագրեն: Այս ընթացքով քանի մը տարի ետք, եթէ նոյնիսկ գաղթող չըլլայ, Հալէպի հայկական 5 երկրորդական, երկու միջնակարգ եւ մէկ նախակրթարան վարժարաններու հայ աշակերտութեան ընդհանուր թիւը հազարը պիտի չանցնի…

Երախայի մը ծախսերը այնքան վիթխարիացած են, որ պատասխանատու մարմիններո կողմէ նորածինին տրամադրուած նիւթական նուէրը յատուկ նշանակութիւն մը չի կրնար ունենալ. Ճիշդ է, հայկական հաստատութիւններ որոշ օգնութիւն մը կու տան հայ մանուկներուն, քրիստոնեայ ոչ հայ եկեղեցի մը անոնց ձրիաբար կաթ կը տրամադրէ, բայց այդ ամէնը միմիայն շատ չնչին տոկոսով կը թեթեւցնեն ծնողքին բեռը, ուստի բնական է այն, որ երիտասարդ ամուսիններու մեծ մասը կը բաւականանայ մէկ զաւակով:

Մանուկին հետ կը մեծնան նաեւ իր ծախսերը. Դպրոցական կրթաթոշակները նկատի չունենանք, որովհետեւ կարիքաւորներուն կրթաթոշակները միութիւներ, այլեւայլ հաստտատութիւններ եւ անհատ բարերարներ կը հոգան, բայց մանուկը կամ պատանին օրական պարտադրեալ ծախսեր ունի գնելու համար տուրմի կտոր մը, կարկանդակ մը, աղի կամ քաղցր ուտելիք մը… առաջ այս ծախսերը ոչինչ էին մեզի համար, բայց հիմա կրնան ճեղք յառաջացնել մեր խղճուկ ելեմտացոյցին մէջ:

Երիտասարդ դարձող պատանին չի գիտեր, թէ ուրտեղէն պիտի բերէ իրեն անհրաժեշտ դրամները. եթէ պետական համալսարանի մէջ չուսանիր, ապա շատ մեծ գումարներու պէտք ունի, ահա թէ ինչու ուսանող տղաքն ու աղջիկները նաեւ կ’աշխատին, որ յաճախ պատճառ կը դառնայ ուսման մէջ կաղալնուն. մինչդեռ սորվելիք այնքա՜ն շատ բան ունին, իսկ Հալէպի համալսարաններուն, ուսման մակարդակը շատ ցածցած է եւ յառաջ բերած մեծ բաց մը մեր համալսարանաւարտներու գիտելիքներուն մէջ… ո՞վ պիտի գոցէ այս բացը, եթէ ոչ մեր միութիւնները, որոնց պատասխանատու մարմինները, որպէս մեր ղեկավարներ, պարտաւոր պէտք է ըլլան, գրեթէ ձրի զանազան դասընթացքներ կամ աշխատարաններ (workshop) կազմակերպել՝ ներկայ ժամանակին հետ քայլ պահելու հնարաւորութիւն տալով մեր տղոց ու աղջիկներուն:

Աւարտելէն ետք, երիտասարդները կը սկսին մտմտալ նշանուելու մասին, չէ՞ որ ամէն մէկ տղայ ընկերուհի մը ունի, այս մտմտուքը երկա՜ր, շա՜տ երկար կը տեւէ, այնքան որ շատ են արգելքները. եթէ տան միակ տղայ զաւակն է, զինուորութիւն չունի, ուրեմն կրնայ աւարտել եւ երկրին մէջ մնալ, ապա թէ ոչ պէտք է հեռանայ երկրէն, որովհետեւ ոչ մէկը կ’ուզէ եօթ-ութ-տաս տարի բանակին մէջ ծառայել: Ենթադրենք, թէ երիտասարդ սիրահարները համարձակեցան նշանուիլ, ինչպէ՞ս պիտի ամուսնանան, ո՞ւր պիտի ապրին, եթէ պետական պաշտօնեայ են կամ ամսականով ուսուցիչ, ապա երկուքին աշխատավարձերով հազիւ տան վարձքը կարենան հոգալ: Միակ ճարը երկրէն հեռացած բարեկամի մը տան մէջ տեղաւորուիլն է… բարեբախտաբար կան այդպիսի բարեկամներ, որոնք իրենց տուները կը տրամադրեն մինչեւ յարմար գինով ծախուիլը… այս տուն ծախելու պատմութիւնն ալ այլ մղձաւանջ մըն է հոն բնակողներուն համար՝ եթէ տան տէրը բնակարանը ծախէ, ո՞ւր պիտի երթան…

… Կը հաւատամ, որ մեր կազմակերպութիւնները միացեալ ուժերով կրնան մեր երիտասարդները տան սեփականատէրեր դարձնել, ո՛չ թէ անոնց տուն նուիրելով, այլ շէնքեր կառուցելով եւ երկարաժամկէտ, առանց տոկոսի մասնավճարներով բնակարաններ վաճարելով անոնց:

Երիտասարդ զաւակներ ունեցողներուն մտահոգութիւնները աւելի շատ են. ինչպէ՞ս պիտի հոգան ընտանիքին ծախսերը՝ մեծի՞ն հասնին, թէ՞ փոքրին, ինչպէ՞ս վառելանիւթ պիտի ճարեն, փիւթակազ, հագուստ-կապուստ, եւայլն, եւայլն.. է՜օֆ…

Մեր պատասխանատուները իրաւունք ունին ժողովուրդին շնորհակալութինը ակնկալելու, բայց իրաւունք ունի՞ն բաւարարուելու իրենց ըրածներով…

Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը փափաքի, որ հալէպահայ գաղութը մնայ, աւելին վերականգնի, վերածաղկի:

-Գաղութը պիտի մնայ, Մայր գաղութը պէ՛տք է մնայ,- գոչելը, մեզ մեր ուզած տեղը չի հասցներ:

Քանի՞ հայ մնացած է Հալէպի մէջ. գիտցող կա՞յ: Բոլորս ալ միմիայն ենթադրութիւններ կ’ընենք, իսկ այդ ենթադրութիւնները կը տարուբերին ութ, տաս, տասնհինգ հազարի միջեւ. միթէ՞ կարելի չէ մարդահամար ընել, գիտնալու գաղութին ճշգրիտ պատկերը՝ մեր թիւը, աշխատանքի բնոյթը, տարիքը եւայլն… եւ ըստ այնմ որոշել թէ ի՞նչ են մեր կարիքները:

Կարիքները որոշողները մեր պատասխանատուները պէտք է ըլլան, կարիքները հոգացողը՝ բոլորս, մէկ միացեալ ղեկավարութեամբ… մինչեւ քանի մը տարի առաջ գործող Շտապ օգնութեան եւ Վերականգնումի Կեդոնական Մարմինը կարծէք թէ դադրած է գոյութիւն ունենալէ, անոր անունը արդէն չտրուիր: Ժամանակն է իրաւ միասնութեան, ժամանակն է ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հաւասարապէս օգնող պատասխանատու մէկ՝ միացեալ մարմնի յառաջացման:

Թերեւս այս մարմինը նաեւ նկատէ, թէ ժամանակն է, հիմնադրամներու յառաջացման, խնդիրներ լուծելու ծրագրաւորուած անջատ հիմնադրամներու յառաջացման, որոնց եղած նուրիատուութիւններու մէկ մասը անձեռնմխելի պէտք է մնայ: Այդ անձեռնմխելի գումարները տարիներու ընթացքին կ’ուռճանան, ուռճացնելով նաեւ իրենց կայուն եկամուտները, որոնք ի սպաս կը դրուին մեր հարցերու նուազեցման:

Ե՞րբ պիտի հասկնանանք հիմնադրամներու յառաջացման անհրաժեշտութիւնը հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ…

Մէկ խօսքով, մաղթանքները՝ մաղթանք, հայրենիքին, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովորդին, համայն հայ ժողովուրդին ուղղուած բարեմաղթութիւնները լաւ են, բարի, գեղեցիկ, բայց մաղթանքէ անդին չեն անցնիր, չեն իրականանար եթէ միասնաբար գործի չլծուինք:

Ի՞նչ կ’ըսէք:

Մանուէլ Քէշիշեան

12 Յունուար 2022

Մեկնաբանել