Ընդունեցէ՛ք Սփիւռքը որպէս հայութեան անբաժանելի մաս

Հայաստանի խորհրդային հասարակարգի ժամանակաշրջանին դաշնակցականները չէին կրնար Հայաստան ուսանելու գալ. 1960ականներէն մինչեւ անկախացում մատներու վրայ կարելի է հաշուել հայրենիքին մէջ ուսանած դաշնակցականներուն թիւը: Խորհրդային հիւպատոսարանները «յառաջդիմական» միութենէ մը երաշխաւորագիր կը պահանջէին, իսկ դաշնակցականները «յետադիմական» էին. անոնք կ’ուզէին գալ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ուսանիլը դիւրին էր, դիւրին էր նաեւ հարուստի պէս ապրիլը, չէ՞ որ ուսանելու հետ նաեւ շահաւէտ առեւտուր կ’ընէինք, ձիթ, ներքնազգեստ եւայլն կը բերէինք, կը ծախէինք, արծաթ, սիկար եւայլն կը տանէինք ու իշխանավայել կեանք մը կ’ապրէինք: Մեզմէ շատ քիչերն էին, որ կարեւորութիւն կու տային դասերուն: Դասախօսները կամ կը մեղքնային մեզի, որովհետեւ մեր ծնողներէն հեռու կ’ապրէինք, կամ ալ մեզմէ նուէրներ ստանալով կը նշանակէին առնուազն յաջողութեան թուանշանը… դեռ ուրիշ շատ առաւելութիւններ ալ ունէինք:

Դաշնակցականները կը նախանձէին մեզի: Յանուն ճշմարտութեան պէտք է արձանագրել, որ անոնց նախանձը կը շարժէինք նախ եւ առաջ մեր հայրենիքին մէջ ապրելու հնարաւորութիւն ունենալնուս համար: Չէ՞ որ Հայաստանը իրենց ալ հայրենիքն էր (եւ է) այնքան, որքան մերինը:

Այդ տարիներուն, որպէս պետական հիւր, Հայաստան յաճախ կ’այցելէին սփիւռքահայ ոչ դաշնակցական գործիչներ, որոնց մեծ մասը լեցուն ճամպրուկներով կը վերադառնային հարենիքէն: Հայաստանի ամառնային պիոներական ճամբարներն ալ յառաջդիմական միութիւններու փոքրիկ անդամներուն համար էին, դաշնակցութեան պատկանող միութիւներու երախաները զրկուած էին հայրենիքի օդէն ու ջուրէն:

Այսքանը պետականօրէն. պետութիւնը խտրականօրէն կը մօտենար Սփիւռքին, մինչ ժողովուրդը կը համակրէր Դաշնակցութեան. լաւ կը յիշեմ, Ղարաբաղեան շարժման առաջին օրերուն, «Ազատութեան հրապարակ» եկողներէն շատեր յոյս ունէին, որ սփիւռքեան աւանդական այդ կուսակցութեան անվերապահ նեցուկը պիտի վայելէին:

Անցեալի այս իրականութիւնը ինծի յիշեցուցին մեր օրերու ֆէյսպուքեան գրառումներ, զրոյցներու եւ քննարկումներու ընթացքին հնչող հակադաշնակցական արտայայտութիւններ, որոնք կը կատարուին զանազան խաւեր կամ խմբաւորումներ ներկայացնողներու կողմէ: Օրինակ, նախկին դիւանագէտ մը, ցոյց տալու համար դաշնակցականներու երկու չափանիշերով դատելը, կը պատմէ արտասահմանի մէջ աշխատելու ընթացքին ունեցած դաշնակցական մէկ բարեկամին մասին, որ հայաստանցիները կ’այպանէր հայերէնի մէջ բազմաթիւ ռուսերէն բառեր գործածելուն մէջ, մինչ, ինչպէս յետոյ կը պարզուի, որ իր զաւակը Հօլանտայէն հետը արաբերէն կը խօսէր եւ ամուսնացած ըլլալով հօթանտացի աղջկայ մը հետ, զաւակները գրեթէ հայերէն չէին խօսեր:

Անշուշտ, կասկածէ վեր է, որ այս մասին գրողին ըսածները բացարձակ ճշմարտութիւն են, բայց ասիկա ընդհանրացնել որպէս դաշնակցականութիւն, չարաչար սխալ է, այսպիսի հայեր ամէն տեղ կրնան գտնուիլ, ցաւալի պարագայ մըն է ասիկա, որ նաեւ անխուսափելի է Սփիւռքի մէջ, հակառակ հայապահպանման համար մեր եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութիւններուն գործադրած ճիգերուն: Նշելի է, որ Դաշնակցականները մեծ թիւով դպրոցներ եւ միութիւններ ունին ուր հայերէնը շատ լաւ կը դասաւանդուի, ամէն պարագայի, անոնց մակարդակը միւս հայկական դպրոցներէն աւելի ցած չէ:

Նոյն դիւանագէտը, փաստելու համար դաշնակցականներու ապազգային եւ ոչ հայրենասէր ըլլալը, կը յիշէ Ապրիլ 24եան ոգեշնչման հանդիսութիւն մը, ուր դաշնակցական երիտասարդներ հայրենասիրական երգեր կ’երգէին, թրքական դրօշակ կ’այրէին բայց չէին ուզեր Հայաստան հաստատուիլ, որովհետեւ զինուորական ծառայութեան խնդիր ունէին, անոնք կը ծրագրէին Գանատա գաղթել, յոյս ունենալով, որ օր մը երբ Հայաստանցիները Ազատագրեն Արարատը, կու գան եւ Սուրբ լերան լանջին խաղաղութեան մէջ կ’ապրին:

Իրականութիւն է, որ այսօր Հայաստան հաստատուած բազմաթիւ սփիւռքահայեր, 27 տարեկանէն ետք հայաստանի քաղաքացիութիւն կ’ընդունին, որպէսզի զինուոր չդառնան, բայց այս պարագան դաշնակցականներուն վերագրել երբեք ճիշդ չէ, աւելին, կը ճանչնամ դաշնակցականներ, որոնց զաւակները Հայաստանի քաղաքացիներ են, անոր բանակի զինուորներ, կը ճանչնամ Հալէպէն ներգաղթած մը, որուն զաւակը զոհուած է 44 օրեայ պատերազմին: Եթէ Սփիւռքէն հարիւրի մօտ կամաւորներ եկան մասնակցելու Արցախեան վերջին պատերազմին, ապա անոնցմէ իննսունը դաշնակցականներ էին: Մոռցա՞ք հալէպահայ կամաւորները, որոնց աճիւնները եռաբլուրի հողին խառնուած են եւ միացած Հայաստանցի իրենց եղբայրներուն՝ հոգւով եւ մարմնով: Ինչո՞ւ կը փորձէք զանոնք իրարմէ բաժնել…

Եթէ խորհրդային տարիներուն սփիւռքահայերու ստուար հատուած մը՝ դաշնակցականները մերժուած էին իշխանութեան կողմէ, ապա այսօր՝ անկախութեան օրերուն, անոնք կը մերժուին նաեւ Հայաստանի ժողովուրդին ստուար մէկ հատուածին կողմէ, կը մերժուին որպէս սփիւռքահայ դաշնակցականներ, թերեւս որպէս սփիւռքահայեր: Սփիւռքը միայն դաշնակցականներէ չէ բաղկացած, հոն ալ ամէն տեսակ հայ կայ, ինչպէս որ Հայաստանի մէջ:

Ընդունեցէ՛ք Սփիւռքը որպէս հայութեան անբաժանելի մաս. չէ՞ որ այս է իրականութիւնը:

Ցաւալիօրէն հակառակը կ’ընենք. օրինակ մը տա՞մ, շատ լաւ. կարդացէ՛ք իշխող կուսակցական անդամի մը այս տողերը, վստահ ըլլալով, որ այս տրամաբանութեան տէր միայն այս խօսքերը ըսողը չէ, շատերու մօտ նկատած եմ նոյն մտածելակերպը:

«…Պահանջում եմ արտերկրից ժամանած դաշնակներին, ովքեր ժամանում են ՀՀ հակապետական գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով, տեբորդ անել (արտաքսել) առնուազն 10 տարով եւ արգելել նրանց մուտքը Հայաստան…»

ՄԵղա՜յ, մեղա՜յ. հաւատաքննութեա՞ն պիտի սկսինք։ Այսօր, յանուն միատարրութեան Հայաստանի քաղաքացիութիւն ընդունած սփիւռքահայերը կ’արտաքսենք, վաղը մէկ քաղաքացիութիւն ունեցող Հայաստանցիները կը բանտարկենք… յետո՞յ… յետոյ օր մըն ալ կրնան միւս կողմինները գալ իշխանութեան եւ նոյն ժողովրդավարութեամբ այսօրուայ իշխանաւորները հալածել:

Դաշնակցական չեմ ես, բայց ինծի համար ճմարտութիւնը ամէն ինչէ վեր է եւ այս տողերը ի պաշտպանութիւն կուսակցութեան մը չեն, այլ ի պահպանութիւն մեր բոլորին:
Ըսեմ, համոզուած եմ, որ օրերով անձրեւի տակ փողոց ելած այս մարդիկը՝ հայաստանցի եւ սփիւռքահայ, անկեղծօրէն կը հաւատան իրենց պահանջքի արդարացիութեան… մի՛ նսեմացնէք անոնց բողոքը, անմիջապէս աւելցնեմ, որ ես անձամբ կը կարծեմ, թէ որեւէ ցնցում մեծապէս կը վնասէ մեր երկրին եւ աւելի կը տկարացնէ մեզ… Մեզի օդի, ջուրի չափ ներքին հաշտութիւն պէտք է. ո՞վ պիտի կարենայ հաշտեցնել կողմերը… ճշդեմ. «Ներքին» բառը կ’ընդգրկէ ամբողջ հայութիւնը, Սփիւռքն ալ:

Ի՞նչ է ուզածս:

Կ’ուզեմ, որ այս տողերուս մէջ ցաւ գտնէք, ցաւ մեր այսօրուայ ողբալի վիճակին համար: Կ’ուզեմ, որ այս տողերուս մէջ վախ գտնէք, վախ վաղուայ մեր անորոշութենէն:

Որպէս վերջաբան աւելցնեմ.

Ռուս-Ուքրաինական պատերազմին հետեւանքով մօտաւորապէս 130 հազար ռուսեր Հայաստան ապաստանած են, իրենց իսկ ըսելով, անոնք Հայաստանը նախընտրած են որովհետեւ հոս կը սիրեն զիրենք:

Կը նկատէ՞ք, որ ռուսերը հոս իրենք զիրենք տանտէր կը զգան:

Ութը տարիէ ի վեր հոս հաստատուած հալէպահայ մը ցաւով կ’ըսէր.

-Հոս մեր հայրենիքն է բայց մեր երկիրը չէ՛, ամէն վայրկեան խտրականութիւն կը զգաս…

Երանի սխալած ըլլայ այս հալէպահայը…

Եկէ՛ք, վերցնենք մեզ իրարմէ բաժնող պատնէշները…

Մանուէլ Քէշիշեան

Երեւան, 18 Մայիս 2022

Մեկնաբանել