Դաւաճան հռչակելու պայքարի ոճը քաղաքականութեան մէջ. զրոյց փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ

Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հակամարտութիւնը Հայաստանի մէջ բեւեռացման այնպիսի աստիճանի հասած է, որ քաղաքական բանավէճի դուռները բոլորովին փակուած են ու տիրող մթնոլորտը յագեցած է ծայրայեղ յորջորջումներով, որոնցմէ ամէնէն տարածուածը երկրի վարչապետը դաւաճան հռչակելն է։

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Ասպետ Գոչիկեան այս երեւոյթը եւ անոր քաղաքական հետեւանքները կը բացատրէ հայկական եւ միջազգային պարունակի մէջ՝ Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն՝ պատասխանելով զրուցավար Աբօ Պողիկեանի հարցադրումներուն։

Մեկնաբանել