Ամերիկեան Գաղտնի Սպասարութիւնները Համոզուած Են, Որ Պաքու Կովկասի Մէջ Նոր Պատերազմ Հրահրելու Գլխաւոր Դերակատարն Է

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի պահանջով կատարուած ուսումնասիրութեան մէջ, ոչ-գաղտնի բաժիններէն յայտնի կը դառնայ, որ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութիւնները այն եզրակացութեան հասած են, որ Կովկասի մէջ նոր պատերազմ մը հրահրելու գլխաւոր դերակատարը Ատրպէյճանը կրնայ ըլլալ։

Ազգային գաղտնի սպասարկութեան վարիչի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. »Հարաւային Կովկասի մէջ, Ատրպէյճանն է, որ մեծագոյն հաւանականութիւնը ունի նորոգելու լայանծաւալ հակամարտութիւն մը, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի դէմ 2020ի պատերազմով իր ապահոված շահերը ընդարձակելու նպատակով«։

Տեղեկագիրին մէջ նաեւ կը նշուի, ու անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, ատրպէյճանական ուժերը Հայաստանի սահմաններէն ներս մինչեւ 25 մղոն ներխուժումներ կատարած են եւ հակառակ այն իրքողութեան, որ 14 Սեպտեմբերին հաստատուած զինադադարը մեծ մասամբ կը յարգուի՝ կան մտավախութիւններ, որ անիկա կրնայ խախտիլ, որովհետեւ հակամարտութեան կողմերը տեւաբար զիրար կ՛ամբաստանեն ծանր հրետանիներ գործածելու յանցանքով։

Նաեւ կը հաղորդուի, որ մինչ կացութիւնը զսպելու նպատակով միջազգային ջանքերը կը շարունակուին, նշեալ զինադադարէն ետք ցարդ 207 հայ եւ 80 ատրպէյճանցի զինուորներ սպաննուած են։

Տեղեկագիրը պատրաստուած էր քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ջանքերուն շնորհիւ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ տեղեկագիրը իրականութիւնները լուսարձակ տակ կ՛առնէ եւ անիմաստ կը դարձնէ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ երկու կողմերն ալ պէտք է յարգեն զինադադարին պայմանները, որովհետեւ յստակ է գաղտնի սպասարկութիւններուն, որ գլխաւոր յանցագործը Ատրպէյճանն է։

Տեղեկագիրը կարելի է կարդալ https://anca.org/assets/pdf/1022_ODNIReport_SouthCaucasus.pdf կայքէջին վրայ։

Asbarez.com

Մեկնաբանել