Յիշատակման վայրը կը փոխադրուի Գատըգիւղ

Ամէն ինչ սկսած էր շատ խի­զախ որո­շու­մով մը եւ երբ «ՏուրՏէ» հար­թա­կի գոր­ծիչներ յայ­տա­րարած էին թէ 24 Ապ­րի­լի երե­կոյեան ժա­մը ճիշդ 19.15-ին Թաք­սի­մի հրա­պարա­կին վրայ պի­տի յի­շատա­կուի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերը, շա­տերու հա­մար դժո­ւար էր հա­ւատալ այս յայ­տա­րարու­թեան իրա­կանաց­ման։ Օրը հա­սաւ եւ իրաւ ալ մօտ 500 ան­ձեր մէկ­տե­ղուե­ցան հրա­պարա­կի մէկ ան­կիւնը, ու ար­տա­սանո­ւեցաւ մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն մը եւ ներ­կա­ները հրա­ւիրո­ւեցան զո­հերու յի­շատա­կին յոտնկայս լռու­թիւն պա­հելու։ Մի­ջոցա­ռու­մը կրկնո­ւեցաւ յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն ալ իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ գե­րազան­ցե­լով մաս­նակցող­նե­րու քա­նակը։ 100-ամեակին մաս­նա­կից­նե­րու թի­ւը այ­լեւս կը հաս­նէր բազ­մա­հազար­նե­րու եւ հա­ւաք­ման վայրն ալ փո­խադ­րո­ւած էր 50 մեթր աւե­լի ներ­քեւ, դէ­պի ֆրան­սա­կան հիւ­պա­տոսա­րանի մուտքը։

Այս ըն­թացքը խա­փանե­ցաւ նախ հա­մավա­րակի սահ­մա­նափա­կումնե­րով եւ ան­ցեալ տա­րի ալ ոս­տի­կանու­թեան անվտան­գութեան մտա­հոգու­թիւննե­րով։

«ՏուրՏէ» հար­թա­կը այս տա­րի դար­ձեալ դի­մած է Իս­թանպու­լի Կու­սա­կալու­թեան, մի­ջոցա­ռու­մը Գա­տըգիւ­ղի մէջ կա­յաց­նե­լու հա­մար։ Միւս կող­մէ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թիւնն ալ իր կար­գին պատ­րաստու­թիւններ կը տես­նէ յի­շատակ­ման երկրորդ մի­ջոցա­ռու­մի մը հա­մար, որուն վայրն է Սուլթա­նահ­մե­տի Իս­լա­մական Արո­ւես­տի Թան­գա­րանի մուտքը։

Պա­հի դրու­թեամբ չէ յստա­կացած Կու­սա­կալու­թեան դիր­քո­րոշու­մը։

Agos.com

Մեկնաբանել