Համասի Իսրայէլի վրայ յարձակումը Կազայի կործանման պիտի չյանգի՞

Ինչո՞ւ Համասը դիմեց այս արիւնալի գործողութեան, որ թէ Իսրայէլի եւ թէ Կազայի քաղաքացիական բնակչութեան մեծաթիւ զոհերու պատճառ դարձաւ։ Ինչպէս պիտի աւարտի այս պատերազմը, երբ Իսրայէլ կը մերժէ ճանչնալ Համասը, զայն նկատելով ահաբեկիչ կազմակերպութիւն, իսկ Համասը կը մերժէ Իսրայէլի գոյութեան իրաւունքը։ Կազան ամբողջական կործանման սպառնալիքի դէմ չէ՞ կանգնած։ Այս հարցերու շուրջ Սիվիլնեթի «Տրոփ» հարթակէն զրուցեցինք քաղաքագէտ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքական յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութիւն բաժնի վարիչ դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ։

Իսրայէլ-Համաս պատերազմը ինչ արձագանգ կրնայ ունենալ մեր տարածաշրջանին համար, յատկապէս երբ միջազգային քաղաքական դերակատարները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են այս պատերազմին վրայ։ Այս պայմաններու տակ մեր տարածքի շրջանային ուժերը կրնա՞ն ներքաշուիլ հակամարտութեան մէջ. Դոկտ. Գոչիկեան անհաւանական կը նկատէ Իրանի եւ Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւումը այս պատերազմին մէջ։

Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։

Մեկնաբանել