Հալէպ․ հայկական մշակոյթ ռումբերու ձայնին տակ

«Հալէպ եւս մասնակցեցաւ Հայ Գրերու Գիւտին 1500 ամեակի հանդէսներուն եւ կարելի է ըսել թէ Հալէպի հանդէսը գերազանցեց Պոլսոյ թաղերուն մէջ այս առթիւ սարքուած բոլոր հանդէսները: Ես իբր անցորդ մարդ, հիացումով դիտեցի որ Հալէպի հայը հակառակ կեդրոնէն այնքան հեռու մնալուն, կապուած մնացեր է իր եկեղեցական եւ ազգային աւանդութեանց»:

Այս տողերը քաղուած են Պոլսոյ «Բիւզանդիոն»ի 2 Դեկտեմբեր 1913 թուականի համարին մէջ Անցորդ ստորագրուգեամբ լոյս տեսած «Դէպի սուրիական երկիրներ» յօդուածէն:

Դեռ 14-րդ դարուն Դպրատուն ունեցող Հալէպը՝ հայկական Հալէպը մշակութային քաղաք է:

Տակաւին Մեծ Եղեռնէն առաջ հալէպահայերը ունեցեր են թատերախումբ, ինչպիսին 1909 թուականին հիմնուած «Անդրանիկ»ը, որ «Պատուի համար», եւ «Մեծն Վարդան» ներկայացումներով 30 օսմանեան ոսկի ապահոված է օգնեան հասնելու հայկական հեռաւոր գիւղերուն: 1910-ականներուն գործած «Հայ Երիտասարդաց Նուագախումբ»ը այդ տարիներուն իր մասնակցութիւնը բերած է հալէպահայ գրեթէ բոլոր հանդիսութիւններուն:

1919-ին արդէն ունէինք մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցող Քրիստափոր գրադարանը, ունինք, երբեմն խարխափումներով սակայն 1919 թուականէն մինչեւ այսօր գործող երկրորդ «Անդրանիկ» թատերախումբը: Թէեւ նուազ դերակատարութեամբ իրենց գոյութիւնը կը պահպանեն 1920ականներուն կազմուած հայրենակցական միութիւնները, որոնք ժամանակին մարզական, կրթական եւ թատերական նկատելի գործունէութիւն ծաւալած են: Տասնամեակներ շարունակ ամէն տարի բեմ կը բարձրանար Սմբատ Բիւրատի «Վարդանանք»ը հրահրելով հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն եւ կրօնասիրութիւն: Ամէն մէկ միութիւն ունէր իր գրադարանը:

Հալէպի մէջ լոյս տեսած են թերթեր, որոնցմէ, մինչեւ Պէյրութ փոխադրուիլը, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ն: Տագնապէն առաջ վերսկսած է լոյս տեսնել Արտաւազդ արքեպիսկոպոսի հիմնած «Տաթեւ» տարեգիրքը, Բերիոյ Հայոց Առաջնորդին հովանաւորութեամբ կազմուած է Սուրիահայ Գրողներու համախմբումը որ հրատարակած է իր «Երթ» տարեգիրքէն հինգ թիւ: Առաջնորդարանը նաեւ սկսած է հրատարակել «Այգ» մատենաշարը, որ չէ դադրած տագնապի տարիներուն եւ որուն 20-րդ հատորի՝ Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ Հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզերքին» գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 2016 թուականի Հոկտեմբերին՝ Թարգմանչաց տօնին, երբ կ’որոտային ամէն տեսակ զէնքերու ձայները:

Վերջին 40 տարիներուն Հալէպցի արհեստավարժ արուեստագէտներու կողքին, հոս գործած են Հայաստանցի բազմաթիւ երաժիշտներ, թատրոնի բեմադրիչներ, դերասաններ, պարուսոյցներ, նկարիչներ: Թատրոնի Հալէպահայ առաջին արհեստավարժ բեմադրիչը, 1970-ին, եղած է քաղաքիս հռչակաւոր դերասան Պետրոս Քէլէշեանի որդի, Երեւանէն շրջանաւարտ Գրիգորը, որ նաեւ արաբական թատրոնի առաջին արհեստավարժ բեմադրիչն է: Գ. Քէլէշեան Հալէպի մէջ նոյնիսկ «Անոյշ»ը բեմադրած է, երաժիշտ Յովհաննէս Կոստանեանի աջակցութեամբ:

Հալէպի մէջ գոյութիւն ունեցած են եւ ունին նկարչական դպրոցներ, օրինակ Սարեան Ակադեմիան, որ ծնունդ առած է 1955 թուականին ու մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը. կը գործէ նաեւ Արշիլ Կորքի նկարչական դպրոցը: Այսօր Կան երաժշտական՝ Արամ Խաչատուրեան, Բարսեղ Կանաչեան Առնօ Բաբաջանեան եւ Արմիս դպրոցները, երգչախումբեր՝ Սպենդիարեանը, Զուարթնոցը, Կոմիտասը, կան Անդրանիկ, Փունջ, Սարտարապատ, Շուշի եւ Շող պարախումբերը, կան նաեւ մանկական երգչախումբեր: Կայ նաեւ Կոմիտասի անուան 22 հոգիանոց Սենեկային նուագախումբը: Կան տակաւին Ադամեան, Լեւոն Շանթ, Վարդան Աճեմեան, Անդրանիկ թատերախումբերը: Այս խումբերուն մաս կը կազմեն հարիւրաւոր երիտասարդներ եւ պատանիներ: Այս դպրոցներէն եւ խումբերէն մաս մը մշտապէս կամ յաճախ գործած է ու կը գործէ արհեստավարժ արուեստագէտներու ղեկավարութեամբ:

Այս ամէնը կը ձգտին արուեստի բարձր մակարդակի, սակայն իրենց գլխաւոր առաքելութիւնը կը նկատեն հայապահպանումը: Նկատելի է մրցակցութիւնը հայ հաւաքականութիւններու միջեւ, զօրաւոր եւ ազդեցիկ մնալու համար պէտք է ունենալ ա՛յն ինչ մրցակիցը ունի՝ դպրոց, ակումբ, արուեստի եւ մարզանքի զանազան խումբեր:

Պէտք է շեշտել նաեւ կարեւոր կէտ մը.- Հայերը տեղացի հաւաքականութիւններու մօտ թէեւ հռչակաւոր են արհեստներու իրենց իմացութեամբ եւ վարպետութեամբ, սակայն անհերքելի իրողութիւն է նաեւ այն, որ միշտ մե՛նք եղած ռահվիրաները արուեստի բնագաւառի բոլոր ճիւղերուն: Նոյնիսկ քրիստոնեայ միւս համայնքներէն շատ աւելի կարեւորութիւն տուած ենք արուեստին:

Տագնապի անցնող վեց տարիներուն հալէպահայ մշակոյթը անկում ապրեցաւ: 2012-2013 թուականներուն դադրեցան մշակութային բոլոր ձեռնարկները, նոյնիսկ պատրաստի ելոյթները ծնունդ չառին: հանրութեան չներկայացան թատերական ներկայացումներ, պարի, նուագի եւ երգի համոյթներ: Երկրէն գաղթեցին բազմաթիւ դերասաններ, նուագողներ, գեղարուեստական խումբերու մաս կազմող բազմաթիւ անձիք, որոնց շարքին մեծ թիւով երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ: Այնքան հազուագիւտ էին հանդիսութիւնները, որ նոյնիսկ մշակութային աննշան ձեռնարկի մը միասնաբար ներկայ կը գտնուէին երեք հայ համայնքապետերը, հալէպահայերուն հետ հաւասարապէս պատերազմի բոլոր չարիքները դիմագրաւող Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսը, կուսակցական եւ միութենական առաջին դէմքերը:

Կամաց կամաց սակայն վարժուեցանք ռումբերու ձայնին. Փորձերը վերսկսան: Փորձերը տեղի կ’ունենային ամէն տեսակ զէնքերու ձայներու ընկերակցութեամբ, երբեմն փորձերը կ’ընդմիջուէին շատ մօտիկ ինկած հրասանդի բեկորներէն ապակիներու կտորներուն պատճառաւ: Ծնողք յաճախ կ’ընկերանային իրենց պատանի զաւակներուն եւ կը սպասէին անոնց հետ ապահով տուն դառնալու համար: Այդպիսի պայմաններու մէջ 2014 թուականէն սկսեալ բեմ բարձրացան Հալէպին նուիրուած ամէն տեսակ համոյթներ՝ թատերականացուած ասմունքի համադրումներ՝ «Տաղ Հալէպին», ծիծաղի երեկոներ՝ «Խնդա՛ Հալէպ»: Երաժշտական պարային եւ թատերական ելոյթներ՝ համեմուած ազգային զգացումներով: Տեղի ունեցան դպրոցական շրջանաւարտից հանդիսութիւններ:Մեծ շուքով տօնուեցան կրթական հաստատութիւններու եւ միութիւններու յոբելինական ամեակներ: Այդ տարիներուն Հալէպի մէջ արուեստներէն ապրեցաւ միայ հայկականը:

Այսօր ալ կը շարունակուին ամէն տեսակի համոյթները, պէտք է յուսալ որ մինակ մնացած Հալէպի արհեստավարժ արուեստագէտներուն հետ բեմին եւ բեմէն հանդիսատեսին առջեւ դարձեալ կը խոնարհին Հայաստանէն ժամանող արուեստագէտներ, իմանալով որ հիմա նիւթական մեծ ակնկալիքներ կարելի չէ սպասել Հալէպի հայ գաղութէն, որ ի հեճուկս ամէն խոչընդոտներու պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, չէ՞ թէեւ նուազեցաւ արուեստի նուիրեալներուն թիւը մայր գաղութին մէջ, մանաւանդ տղոց թիւը, որուն պատճառով երբեմն մեր պարախումբերը առանց արական սեռի պարեր ներկայացուցին, սակայն մարդկային ուժի նուազումը որակէն չպակսեցուց, հալէպահայ բեմը մնաց շողացող եւ…

Եւ որպէս վերջաբան արձանագրենք 2016-ին, ռումբերու ձայներուն դէմ բողոքող նուագողներու, պարողներու, երգիչներու եւ դերասաններու մասնակցութեամբ ամբողջացած, Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի 110 ամեակի հանդիսութեան առիթով, Հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեանին.

-«Ձեռնարկը կը կրէր «Յաւերժ բարիք» խորագիրը։ Աւելի քան մէկուկէս ժամ, ամբողջ սրահին հետ մե՛նք եւս ապրեցանք արտակարգօրէն տպաւորիչ ու գեղեցիկ պահեր, շարունակ հարց տալով մենք մեզի՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի եղած էր այսքան որակաւոր հանդէս մը կազմակերպել տագնապահար քաղաքի մը մէջ, ինչպէ՞ս կարելի եղած էր շարժման անցընել այսքան մեծ թիւով դերակատարներ (աւելի քան հարիւր հոգի), մանաւանդ ինչպէ՞ս կարելի եղած էր համադրել այս բոլորը…»։

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 29 Հոկտեմբեր 2017

Մեկնաբանել