Լաւ լուր մը տուր Հալէպէն

-Այսօր ալ, լա՛ւ լուր մը տուր Հալէպէն:

-Հալէպէ՞ն… Ը՜ը՜… այսօր մահ չկայ:

Ասիկա իրա՛ւ լաւ լուր մըն է, որովհետեւ տարիներէ ի վեր Հալէպի մէջ մահացող հայերուն թիւը աւելի մեծ է աշխարհ եկողներու թիւէն, աւելին, գրեթէ ամէն օր մահացող հայ կայ, իսկ ծնունդ առնո՞ղ… վերջին շրջանին անոնց թիւը տարեկան հարիւրի չի հասնիր, պսակուողներուն ալ թիւը, արդէն գաղտնիք մը չէ, տարեկան տասնեակները չ’անցնիր՝ երեք համայնքներունը գումարած:

Բոլորդ ալ գիտէք, որ Հալէպի մէջ պսակի արարողութիւններուն կարօտ կը մնանք, որովհետեւ ներկայ աշխատավարձերով ոչ միայն տունը գնելը, այլ հարսանեկան ծախսերը հոգալն իսկ երազ դարձած է:

Չորս տարի անցաւ պետութեան ամբողջութեամբ Հալէպ քաղաքին վերատիրանալէն: Պէտք է մինչեւ հիմա մենք մեզ վերագտած ըլլայինք, սակայն… բացի պատմական փակ շուկայի մի քանի թաղերէն, Հալէպի մէջ քանդուածը տակաւին քանդուած կը մնայ: Օրէ օր տնտեսական նոր սեղմումներու կ’ենթարկուի ժողովուրդը, օրէ օր նոր թանկացումներ կ’արձանագրուին, բազմաթիւ ապրանքատեսակներու ներմուծումը ժամանակաւորապէս արգիլուած է՝ միմիայն խնայելու համար արտաքին ծախսերը, փոխարէնը անընդհատ սղաճ կ’արձանագրուի: Հաֆէզ Ասատի օրերուն ալ, նախագահը քանի մը տարի ամէն տեսակ ներմուծում արգիլեց, բայց … փոխարէնը ամէն արտօնութիւն տուաւ տեղական ճարտարարուեստի զարգացման համար: Տնտեսական այդ քաղաքականութեան որպէս արդիւնք ունեցանք Հալէպի Շէյխ Նաճճարը՝ սուրիական ճարտարարուեստի պարծանք հսկայական կեդրոնը, որու գործարանները միլիառաւոր օտար դրամանիշեր կ’ապահովէին Սուրիոյ: Ներկայիս կարծէք տնտեսական անհասկնալի քաղաքականութիւն մը կը վարուի, անընդհատ կ’աւելնան ամէն տեսակ տուրքերը, հին-հին հաշիւներ կը բացուին, կուտակուած տուրքեր կը գանձուին, «Մի՛ աշխատիք, գործ մի՛ հայթայթեք մարդկանց» ըսելու պէս բան մըն է եղածը, մինչ սուրիացի գործարարները գրկաբաց կ’ընդունուին ամէն տեղ, օրինակ Եգիպտոս, ուր սուրիացի ունեւորներու արտօնեալ պայմաններով հիմնուած գործարաններուն մէջ հազարաւոր եգիպտացիներ կ’աշխատին… հետեւանքը՞, դուրսի սուրիացի գործարարներուն երկիր վերադառնալու պետութեան կոչը կը մնայ անարձագանգ…

Միլիոն անգամ ըսուած է արդէն, սուրիացիին շահածը իր ծախսերը փակելէն մղոններով հեռու է: Սղաճը միմիայն սուրիական լիրայի անկման հետ չէ կապուած եւ ոչ ալ միմիայն շրջափակման հետ, սղաճը կապ ունի մաքսային եւ հարկային տուրքերու յաւելման հետ ալ, կայ նաեւ անպաշտօն տուրքի մը տեսակ՝ բանակի որոշ ստորաբաժանումներ բոլոր բեռնատար (երբեմն նաեւ ոչ բեռնատար) ինքնաշարժերերէն, հսկայական տուրքեր կը գանձեն, ահռելիօրէն բարձրացնելով փոխադրութեան ծախսերը: Տակաւին չեմ խօսիր առեւտրականներու կատարած արհեստական թանկացումներու մասին:

Չեմ գիտեր քրտական կամ թրքական ազդեցութեան գօտիներուն կամ ընդհանրապէս ընդիմադիր շրջաններու մէջ ինչ վիճակ կը տիրէ, բայց այդտեղերէն մեզի հասնող լուրերը կը հաւաստիացնեն, որ հոն ամէն ինչ շատ աւելի աժան է: Կը հակիմ հաւատալու այս լուրերուն, որովհետեւ այդ շրջանները հարուստ են, նաւթ ունին, ձէթ եւ ձիթապտուղ, ալիւր եւ բամպակ ունին … եւ «Կեսար»ի օրէնքի պատիժներուն չեն ենթարկուիր, ինչպէս որ մենք:

Թերեւս մեր վիճակը աւելի լաւ է քան Լիբանանինը, բայց կը վկայեմ, որ մերը անտանելի է..

Բոլոր տեսակի «չկայ»ներուն վերջերս աւելցաւ «հաց չկայ»ն. պետութիւնը երկու հոգիանոց ընտանիքին շաբաթը վեց անգամ օրական վեց հաց կու տայ (եօթը հացը մէկ քիլօ կը կշռէ), իւրաքանչիւր ընտանիքի մազօթի տարեկան յատկացումը 50 լիթր է, մէկ ու կէս ամիսը անգամ մը փիւթակազի շիշ մը կը տրուէր, հիմա երեք ամիսը մէկ եղաւ, որ շատ հեռու է բաւարար ըլլալէ: Ով որ յատկացուածէն աւելի ուզէ, խնդրեմ, սեւ շուկայի մէջ ամէն ինչ առատ է…… Գաղթող հալէպցիները տակաւին կը յիշեն Պապ Ալ Նէյրապ թաղամասը, որ Հալէպին փախստկան սիկարէթ եւ ամէն տեսակ ապրանք կը հայթայթէր: Հիմա հոն, իշխանութեան քիթին տակ ամէն ինչ կը ծախուի… տասնապատիկ գնով…: Ամէն ինչ կարելի է գտնել նաեւ Հալէպի Շէյխ Մագսուտ թաղամասին մէջ, հոն իշխողը քիւրտերն են. այո՛, Հալէպ քաղաքի մէջ, նախկին հայկական, ներկայիս ամբողջութեամբ քրտաբնակ այս թաղամաս ելք ու մուտքի ժամանակ պետական եւ ապա քրտական անցարգելներէ պէտք է անցնիս, ուր մուտքին կը ծածանին սուրիական եւ քրտական դրօշակները… ամէն ինչ կայ հոն: Մեր շրջաններուն մէջ տոլարի անունը տալ արգիլուած է, հոն օտար դրամանիշերու առ ու տուրը ազատ է…

Օրէ օր ապագայի հանդէպ անվստահութիւնը աւելի տիրական կը դառնայ, նոյնիսկ մեր ղեկավարները, որոնք «Գաղութը պիտի պահենք, գաղութը պիտի վերականգնենք» կը գոչէին, հիմա վերապահութեամբ կ’ակնարկեն այդ մասին, աւելին, նեղ շրջանակներու մէջ յստակօրէն իրենց տարակուսանքը կը յայտնեն: Ամէն ոք գաղթել կ’ուզէ, ամէն ոք կը փորձէ տեղ մը երթալու միջոց մը գտնել եւ սակայն քիչերը կը յաջողին, բարեբախտաբար ընդհանուր յուսալքութեան մէջ տակաւին Հայաստանին հաւատացողներ կան եւ ներգաղթողներ ալ կան. անձամբ երկու ընտանիք գիտեմ, որոնք անցեալ շաբաթ վերջնականապէս Հայաստան փոխադրուեցան:

Հաւաքական մեր կեանքը անձնականնէս լաւ է. Հիմա սկաուտական եւ ուսանողական բանակումներու շրջան է, բոլոր միութիւնները իրենց սկաուտները մէկ շաբաթով Քեսապ կը տանին, գացող խումբերը ընդհանրապէս հարիւր հոգինոց կ’ըլլան: Այս տարի կենցաղային խնդիրները շատ շատ են, հացի խնդիր կայ, յատուկ արտօնութիւն պէտք է, փուռէն անհրաժեշտ հացը գնելու համար, ջուր չկայ, շատ թանկ պէտք է վճարել ամէն օր ջուր հայթայթելու համար, նոյնն է ելեկտրականութեան անհրաժեշտ վառելանիւթի պարագան… շատ մեծ են բանակումներու համար պահանջուած ծախսերը. բարեբախտաբար տակաւին մեր կազմակերպութիւնները ի վիճակի են նիւթական այս բեռը կրելու եւ շատ փոքր ծախսաբաժին մը ձգելու մասնակից մեր տղոց ու աղջիկներուն ծնողներուն վրայ:

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ կայ նաեւ նկատելի երեւոյթ մը. որոշ կազմակերպութիւններ կը փորձեն միասնական ձեռնարկներ կազմակերպելով այլեւայլ կրօններու եւ յարանուանութիւններու երիտասարդները քով քովի բերել, սուրիական մօզայիքի նախկին ներդաշնակութիւնը վերականգնել, պէտք է արձանագրել, որ այս ներդաշնակութեան ջատագովները աւելի շատ քրիստոնեայ համայնքներու մէջ կարելի է գտնել:

… -Լա՛ւ լուր մը տուր Հալէպէն…

-Լաւ լո՞ւր… կը շարունակենք ապրիլ…

Այո՛, Սուրիոյ մէջ կը շարունակենք ապրիլ, բայց ի՜նչ ապրիլ… մարդավայել կեանք մը չէ մեր ապրածը եւ շատ յոյս չունինք որ այն շուտով պիտի բարելաւուի… ցաւալին այն է, որ մենք կը վարժուինք այս վիճակին, կը սկսինք համակերպիլ այս տխուր իրականութեան…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 20 Օգոստոս 2021

Մեկնաբանել