Հալէպի հայ այրիները 

Անցած վեց տարիներու հետեւանքներուն մասին երբ մտորեմ, այդ տարիներէն ծնած դժբախտութիւններուն մասին երբ մտածեմ, ամէնէն առաջ աչքիս առջեւ կու գան մեր այրիներն ու մեր որբուկները,որոնց բաժին ցաւը ամէնէն խորունկ ցաւերէն է, ամէնէն անբուժելիներէն, ամէնէն երկարակեացը:

Հալէպի տագնապը այրիացուց հարիւրաւոր կանայք, որոնց շարքին 96 քրիստոնեայ կիներ, որոնցմէ երկու երրորդը հայեր:

Ամէնէն դժուարը ասոնց մասին գրելն է:

Նշեմ, որ ասոնց շարքին կը դասուին առեւանգուած տղամարդոց կանայք, որովհետեւ տարիներէ ի վեր առեւանգուածներուն մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ եւ անոնք անհետ կորած կը համարուին:

Ո՞վ տիրութիւն կ’ընէ այս կանանց, որոնք մեծ մասամբ երիտասարդ տիկիններ են եւ մէկ կամ աւելի զաւակներու մայրեր:

2013 թուականին Հալէպի մէջ կազմուեցաւ վեց քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնաժողով մը հոգ տանելու զոհուածներու ընտանիքներուն, այրիներուն: Իրականութեան մէջ այս այրիներով գլխաւոր հետաքրքրուողը Աւետարանական Մկրտչական Եկեղեցին է, միւսները պարզապէս ամիսը անգամ մը իրենց եկեղեցիներուն մէջ հերթականօրէն կը հիւրընկալեն այրիները, որոնք կու գան մկրտչականներու առաջնորդութեամբ աղօթելու, կրօնական եւ բարոյական քարոզ լսելու եւ ստանալու իրենց յատկացուած գումար մը: Այս հանդիպումներէն վերջինը կայացաւ Մայիսի 1-ին, Հալէպի Ասորի Օրթոտոքս մայր եկեղեցւոյ մէջ: Այրիները ունկնդրեցին Դամասկոսէն հրաւիրուած մկրտչական քարոզիչին յորդորները, զրուցեցին իրար հետ, մխիթարուեցան եւ աւարտին ստանալով պահարանի մէջ ծրարուած յառաջիկայ երկու ամիսներու նիւթական օգնութիւնը երախտագիտական զգացումներով վերադարձան իրենց բնակարանները:

Մկրտչական եկեղեցւոյ Կենդանի Յոյս ընտանիքի ծառայութեան հաստատութիւնը քրիստոնեայ իւրաքանչիւր այրիի ամսական կը տրամադէ 8000 սուրիական լիրա (15 ամերիկեան տոլար), իւրաքանչիւր զաւակի համար ալ 2500 լիրա, տարին երկու անգամ՝ ամառային եւ ձմեռային հագուստ ու կօշիկ, պարբերաբար սննդեղէն կամ մաքրութեան իրեր: Նիւթականի կողքին մկրտչականները հոգ կը տանին նաեւ այրիներու հոգեւոր կարիքներուն,անոնք կրօնա-բարոյական քարոզ-դասախօսութիւններով կը զօրացնեն այրիներուն հաւատքը, յոյս կը ներշնչեն դիմակայելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: Նոյնիսկ, 2016-ի Սեպտեմբերին, մէկ մէկշաբաթեայ հանգստաւէտ պտոյտ պազմակերպեցին դէպի Մէշթէ էլ հլու ամառանոց, ուր 60 հոգիանոց այրիներու եւ անոնց զաւակներու խումբը, ամէն տեսակ զէնքերէ հեռու վայելեցին նիւթական լաւագոյն պայմաններ ու յագեցան կրօնա-բարոյական սնունդով:

Ի՞նչ կ’ընեն միւս եկեղեցիները.- Թերեւս միայն յոյն օրթոտոքսները մօտիկէն կը հետաքրքրուին իրենց այրիներով: Այս եկեղեցին կանոնաւոր կերպով նիւթապէս կ’օգնէ իր այրիները, նաեւ կը փորձէ անոնց համար աշխատանք գտնել:

96 քրիստոնայ այրիներէն մէկ մասը գաղթած է, Հալէպի մէջ այսօր կան 55 այրիներ (եօթին ամուսինները առեւանգուած) իրենց 65 որբուկներով: Ասոնց մօտաւորապէս երկու երրորդը հայեր են:

Ի՞նչ կ’ընեն ասոնք: Ասոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը չ’աշխատիր,ասոնցմէ ոմանք իրենց զաւակներուն հետ վերադարձած են ծնողական տուն, ոմանք անտուն են եւ ժամանակաւորապէս տեղաւորուած են այս կամ այն բարեսիրական հաստատութեան կողմէ տրամադրուած բնակարաններու մէջ: Բոլորը օգնութիւններ կը ստանան զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններէ: Կան հատուկենտ լաւ հասութաբեր աշխատանք ունեցողներ, կայ այրիանալէ ետք նոյնիսկ պետական պաքալորիայի տիրացած մը, որ հիմա համալսարանական է:

Յետո՞յ: Պիտի շարունակեն նո՞յն ձեւով ապրիլ, պիտի շարունակեն ստանա՞լ Մկրտչական եկեղեցիին եւ միւսերուն օգնութիւնները, բաւարարուելով ներկայ գտնուիլ իրենց համար կազմակերպուած Մայրերու օր, Նոր տարի, Ծաղկազարդ- Զատիկներու միջոցառումներուն: Քիչ-քիչ պիտի դառնան ընկերութեան՝ յատուկ մասնիկ,իրենց ընկոյզի կեղեւին պարփակուած՝ խղճալի, միշտ ասոր կամ անոր ձեռք երկարող, թէ՞ պիտի կարենան(ք) յաղթահարել ծագած, ծագող եւ ծագելիք դժուարութիւնները:

Հապա՞ ծագող ընկերային հարցերը:

Չեմ ուզեր դոյզն իսկ վիրաւորանք պատճառել մեր այրիներուն, որոնք բարոյապէս տիպար օրինակներ կրնան հանդիսանալ բոլորիս համար, սակայն ակամայ կ’արձանագրեմ անոնցմէ ոմանց ուղղուած պատասխանատուի մը խօսքը.

– Փախլաւա էք դուք, ճանճեր շատ կ’ըլլան ձեր շուրջը…

Ո՞վ տիրութիւն պիտի ընէ Հալէպի հայ այրիներուն: Մկրտչական եկեղեցի՞ն, որոնք որուն բարեսիրական ու հոգեւոր գործունէութիւնները չեն սահմանափակուիր այրիներով, այլ կը տարածուին հասնելով Հայաստան ու Արցախ ալ: Հայկակա՞ն եկեղեցիները, որոնք իրե՛նք կարիք օգնութեան: Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը՞…

-Ո՛չ մէկ հաստատութիւն առանձինն կրնայ բաւարար օգնութիւն ցուցաբերել մեր այրիներուն եւ անոնց զաւակներուն՝ հայթայթելու համար մարդավայել կեանք:

Անկարելի է նաեւ այսպիսի ապրելակերպը՝ ձրիակերութեան վարժեցնող ապրելակերպը՝ ճանապարհ որմով կ’ընթանանք մենք հալէպցիներս մեծով-պզտիկով… եւ… ոմանք այս բառերս իրենց արժանապատուութեան ուղղուած վիրաւորանք պիտի համարեն եւ…

…Եւ նոյնիսկ այպանուելու գնով, նոյնիսկ սխալելու գնով պիտի չմեղմացնեմ վերջին տողերս, պիտի չըսեմ «բացառութիւնները յարգելի են», ինչպէս որ կ’ըսենք յաճախ, այդպիսով ժխտելով մեր իսկ ըսածը:

Այսօր, երբ հալէպահայ գաղութի վերականգման աշխատանքներ կը կատարուին, մեր վնասներու չափերը կ’ուսումնասիրուին, երբ մեր մեծերը կարեւոր ժողովներ կը գումարեն որոշելու առնուելիք քայլերը, երբ մեր ղեկավարները անդադար՝ առանց յոգնելու հոս-հոն կը վազեն, բաց եւ փակ դռները կը բախեն իբրեւ գերխնդիր ունենալով Մայր գաղութի պահպանումը, իրաւո՞ւնք ունինք մեր ուշադրութեան կեդրոնէն հեռու պահել մեր այրիներն ու անոնց զաւակները՝ իմա ազգին զաւակները: Արդեօք պէտք է հաստատուն հիմնադրամի մը մասի՞ն հոգ տանինք՝ կարենալ արժանավայել կեանք մը ապահովելու մեր այրիներուն, անոնց զաւակներուն ուսումնառութիւնը ապահովելու. Արդեօք Քարէն Եփփէն պէտք է յիշենք, որ աշխատանք կ’ապահովէր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայ կանանց…

Իրապէս շատ դժուար էր գրել Հալէպի հայ այրիներուն մասին:

Աւելի դժուար էր անոնց մասին չգրելը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 6 Մայիս 2017

Մեկնաբանել