Բանակին հանդէպ Սփիւռքի պարտքը

Հայաստանի համար կենսական է պայմանագրային հիմունքներով, մասնագիտական բանակ ունենալ, որ իսկապէս «թանկ հաճոյք է», հսկայական նիւթական միջոցներ կը պահանջէ։

Ամբողջութեամբ պայմանագրային հիմքերով բանակ ունենալու բարիքներէն կը թուեմ մի քանին.

  • Արտագաղթի դէմ գործնական միջոց։ Տղայ զաւակ ունեցող իւրաքանչիւր ընտանիք, զաւակը բանակէն ազատելու համար արտագաղթի ճամբան բռնելու տարբերակին պէտք չունենար դիմելու։
  • Հազարաւոր երիտասարդներու ուսման ընթացքը ժամանակաւորապէս ընդմիջումի ենթարկելու պարտաւորութեան վերացում։
  • Անփորձ զօրակոչիկներու կեանք խնայելու հնարաւորութիւն։
  • Ուժեղ բանակ ուենալու կարեւոր նախապայման։

Պայմանագրային բանակը, որ կրնայ աւելի նուազ թուաքանակով աւելի մեծ խնդիրներ լուծել, կը պահանջէ պիւտճէական լուրջ միջոցներ, պատշաճ աշխատավարձ, սարքեր, զինավառութիւն ապահովելու համար։ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայ տնտեսական իրականութեան մէջ հազիւ թէ կարենայ նման բանակ մը պահելու մասին մտածել։ Այս իրողութիւնն է, որ կը պարտադրէ կառավարութեան փոքր քայլերով, երբեմն նոյնիսկ անհեթեթ գաղափարներ մէջտեղ նետելով,լ շարժիլ դէպի ամբողջական մասնագիտացուած բանակ ունենալու նպատակ։

Տակաւին վերջերս, պաշտպանութեան նախարարութիւնը բաւական վիճելի նախագիծ մը հրապարակ նետած է, որուն համաձայն զօրակոչի ենթակայ երիտասարդները 24 միլիոն դրամ վճարելով, կրնան 4.5 ամսուայ զինավարժանքներէ ետք ազատուիլ պարտադիր ծառայութենէն։ Ընկերային անարդարութեան աղաղակող քայլ մը պիտի ըլլայ այս նախագիծի գործադրութիւնը։

Գանք Սփիւռքին, հայրենիքով մտահոգ զանգուածի մասին է խօսքը, որ մօտէն կը հետեւի հայրենի իրադարձութիւններուն, կը տագնապի Հայաստանի անվտանգութեան սպառնացող թշնամական գործողութիւններով եւ անկեղծ ցանկութիւն ունի հզօրացնելու հայոց բանակը։

Այս զանգուածը նաեւ իր անհանգստութիւնը արտայայտելէ չի քաշուիր, յաճախ բուռն քննադատութիւններ կը կատարէ Հայաստանի իշխանութեանց հանդէպ, պահանջներ, ակնկալութիւններ, սպասումներ կը բանաձեւէ։ Իրաւունք ունի՞։

Անշուշտ։ Ո՞վ կրնայ զրկել ոեւէ սփիւռքահայու այդ իրաւունքէն։ Հայաստանի հզօրացման գործին Սփիւռքի ներդրման անհրաժեշտութիւնը անվիճելի է եւ մեր ընդհանուր (պետութիւն եւ սփիւռքահայութին) ձախողութիւնն է, որ չենք կրցած գտնել հաղորդակցութեան, գործակցութեան ճիշտ ու արդիւնաւէտ ձեւը։

Բանակի, անոր հզօրացման նպատակի շուրջ համախմբումը կրնայ թերեւս առաջին հիմնական քայլը ըլլալ դէպի սերտ գործակցութիւն։ Եթէ սփիւռքահայը կ՝ուզէ, որ մեր երկիրը ունենայ իր հզօր բանակը, պէտք է անպայման պարտաւորութիւն զգայ իր բաժին ներդրումը ունենալ այդ գործին։ Իր զաւակը բանակի մէջ չի ծառայեր, սահմանը պաշտպանելու, իր կեանքը վտանգելու ամէնօրեայ սպառնալիքը չի դիմագրաւեր, ատոր փոխարէն բարոյական պարտքէն չի կրնար խուսափիլ ինչ որ շօշափելի ձեւով, մասնակցելու այնպիսի բանակ մը ստեղծելու գործին, որ հպարտութիւն ներշնչէ իրեն։

Թէ ինչպէս սփիւռքահայը իր ներդրումը պիտի ուղղորդէ դէպի հայոց բանակ, ինչպէս անոր յանձն առած մեծ թէ փոքր գումարային պարտաւորութիւնը պիտի հասնի բանակին, ինչպէս պիտի երաշխաւորուի անոր նպատակային օգտագործումը, այդ բոլոր հարցերուն պատասխանը պէտք է գտնէ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ խորհրդակցելով սփիւռքահայ ձեռնհաս գործիչներու հետ։

Մեկնաբանել