Որքան կարելի է ճզմել քաղաքացիի ոգին մինչեւ որ պոռթկայ ան

Այսօր Հայաստանի քաղաքացին նուաստացած կը զգայ աւելի քան երբեք, աւելի քան վերջին պատերազմի պարտութեան յաջորդող օրերուն։ Ճի՞շդ է այս գնահատումը, եթէ այո, ինչո՞ւ հասարակութեան մէջ պոռթկումի, ըմբոստացման նշաններ չկան, ինչ կը շահի իշխանութիւնը այս պահուն անտեղի օրակարգեր հրապարակ իջեցնելով։

Իշխանութեան գլխուն կանգնողները աւելի ճի՞շդ կը գնահատեն ժողովուրդի տրամադրութիւնները եւ ուրեմն մտահոգ չե՞ն խաղաղութեան հասնելու քողին տակ վիճելի սուր խնդիրներ արծարծելու, վտանգելով իրենց իշխանական աթոռները։ Անկանխատեսելի պոռթկումներ կրնա՞ն ծնիլ այս համատարած նուաստացման հոգեվիճակներէն։

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց եւ դիւանագիտութեան բաժնի դասախօս դոկտ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ հարցազրոյցը այս հարցերու շուրջ աւելի շատ երկխօսութեան վերածուեցաւ։ Զրոյցը Սիվիլնեթի «Տրոփ» հարթակէն վարեց Աբօ Պողիկեան։