Դարձեալ Լեւոնի, Սերժի, Նիկոլի և ապակողմնորոշուած մարդկանց մասին

Նամակ երկրէն

Նախորդ «Նամակ երկրէն»ով, գրած էի, թէ բոլոր անոնք, որոնք Նիկոլ Փաշինեանը կ՚ուզեն առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժառանգորդը համարել, լաւ է որ քիչ մը պատմութիւն սերտեն եւ տեսնեն թէ որքա՜ն անտեղեակ են անցեալի իրադարձութիւններէն եւ Լեւոնի ու քաղաքական միւս ղեկավարներու կապերէն։ Գրած էի, որ Լեւոն-Ռոբերտ-Սերժ եռեակի միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական համագործակցութիւնը ծաւալով, որակով, տարողութեամբ ու ժամանակի երկարութեամբ եղած է շատ աւելին՝ քան Լեւոնի եւ Նիկոլի քառամեայ քաղաքական կապը, ու միաժամանակ անհեթեթ համարած էի Նիկոլը Լեւոնին ժառանգորդը համարող յայտարարութիւնները։

«Նամակ»իս արձագանգողները չուշացան։ Առցանց լրատուամիջոցներէն մէկուն մէջ տպուած գրութեանս տակ մէկը կը գրէր հետեւեալը.

«Նախ՝ մարդու վարած քաղաքականությանը նայելով պետք է հասկանալ՝ ով ում ժառանգորդն է, ոչ թե նրանով, թե ով ում հետ ինչքան է աշխատել… Հետո՝ Լևոնն էլ էր պարզ, թափանցիկ, արդար ընտրության արդյունքում եկել իշխանության… Էնպես որ՝ դա չափանիշ դարձնելն էլ միամիտների ականջներին լափշա կախել է նշանակում…»

Յարգելի ընթերցողը ըսել կ՚ուզէ, որ պէտք չէ նայիլ անցեալի յարաբերութիւններուն՝ որոշելու համար թէ ո՞վ ԼՏՊ-ի ժառանգորդն է եւ ով՝ ոչ։ Երեւի ըսել կ՚ուզէ նաեւ, որ Նիկոլը Լեւոնի ժառանգորդն է, քանի որ անիկա կը շարունակէ առաջին նախագահին քաղաքականութիւնը, կամ ունի քաղաքական նոյն վարքագիծը։

Պահ մը «benefit of the doubt»ը տանք այս ընթերցողին, ընդունելով իր վարկածը, եւ տեսնենք, թէ ի՞նչ առնչութիւն ունեցած են Ռոբերտի եւ Սերժի քաղաքականութիւնը Տէր Պետրոսեանի քաղաքական ըմբռնումներուն եւ վարքագիծին հետ, եւ ի՞նչ նոյնութիւն կամ տարբերութիւն կայ Նիկոլի եւ Լեւոնի մօտեցումներուն միջեւ։

Սկսինք ամէնէն փափուկ նիւթէն՝ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊ.

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարուած մօտեցումը եղած է՝ վերադարձնել «գրաւուած» 7 շրջանները, պահելով Լաչինի միջանցքը, հաստատել խաղաղութիւն եւ ապա բանակցիլ Արցախի վերջնական կարգավիճակին շուրջ, հաշուի առնելով միջազգային օրէնքները։ Սա ծանօթ էր նաեւ իբրեւ տագնապի լուծման փուլային տարբերակ։ Այսինքն, լուծման հասնիլ քայլ առ քայլ առաջ երթալով, առանց ի սկզբանէ վերջնական որոշում ունենալու Արցախի կարգավիճակին մասին։

Վազգէն Սարգսեանի ղեկավարութեամբ, Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը հակադրուեցան այս մօտեցումին։ Անոնք առաջ քշեցին փաթեթային տարբերակը: Այսինքն՝ ոչ թէ փուլերով, այլ սկիզբէն ունենալ լուծման ամբողջական համաձայնութիւն՝ թէ՛ «անվտանգութեան գօտի»ի (Քոչարեանի ձեւակերպումը՝ ազատագրուած հողերու մասին) տարածքներու եւ թէ՛ Արցախի կարգավիճակին մասին։ Ասկէ ծնաւ «Մատրիտեան սկզբունքները», որ սեւով ճերմակի վրայ գրուած է, թէ հայկական կողմը պիտի վերադարձնէ Լաչինէն բացի «ադրբեջանական» 7 շրջանները, փոխարէնը, տարիներ յետոյ, եւ թուրք գաղթականներու վերադարձէն ետք տեղի պիտի ունենայ ինքնորոշման հանրաքուէ։

Քոչարեանէն ետք, Սերժ Սարգսեանը մինչեւ իր հրաժարականը բանակցած է ա՜յս սկզբունքներուն շուրջ։ Միջանկեալ խօսուած է «Լավրովի ծրագիր»ին մասին, իսկ ատկէ շատ տարիներ առաջ՝ Մեղրիի ազատ միջանցքին մասին, եւայլն, բայց հիմնականը՝ երեք նախագահներն ալ համաձայնած են վերադարձնել ազատագրուած տարածքները, Արցախի կարգավիճակի անորոշ հանրաքուէի դիմաց։ Հանրաքուէն ալ տեղի պիտի ունենայ 10 տարի վերջ։

Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութենէն յետոյ, կը թուի թէ բանակցութիւնները այլեւս Մատրիտեան սկզբունքներուն շուրջ չեն, եւ կողմերը ներկայիս կը խօսին բանակցութիւններու ֆորմաթին՝ ձեւաչափին մասին. Փաշինեան կը պնդէ, որ ոեւէ քննարկում եւ համաձայնութիւն առանց Արցախի՝ իմաստ չունի։ Ոեւէ լուծման տարբերակի պէտք է համաձայնի նախ եւ առաջ Արցախի ժողովուրդը, ապա՝ Հայաստանի ժողովուրդը, ու բնականաբար՝ Ադրբեջանի ժողովուրդը։ Համաձայնութիւն կը նշանակէ բոլոր կողմերու հաւանութիւն՝ առաջարկուած լուծումներուն։ Փաշինեան կը պնդէ, որ Արցախի ժողովուրդի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն աւելի քան անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ միայն Արցախի ընտրուած ներկայացուցիչները իրաւունք ունին խօսելու իրենց ժողովուրդին անունով։ Կը թուի (կ՚ըսեմ «կը թուի», որովհետեւ դեռ պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ), որ Մատրիտեան փաստաթուղթը այլեւս սեղանի վրայ չէ, եւ նախորդ առաջարկներէն ոեւէ մէկը քննարկման ենթակայ չէ։ Փաշինեան դեռեւս հող վերադարձնելու մասին յայտարարութիւն չէ ըրած, «հողեր՝ խաղաղութեան կամ Արցախի կարգավիճակի դիմաց» գաղափարին հաւանութիւն չէ յայտնած։ Անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ Նիկոլը «ծախած է» Արցախը, նախորդ նամակիս մէջի «հասարակ ՍՏԱԽՕՍՆԵՐ»ու փաղանգին կը պատկանին։

Արցախի տագնապի մասին երեք նախագահներու դիրքորիշումները շատ աւելի հասարակ յայտարար ունին իրար հետ, քան վարչապետ Փաշինեանի դիրքորոշումը՝ նախորդ նախագահներէն ոեւէ մէկուն հետ։

Կարելի է չհամաձայնիլ Փաշինեանի մօտեցման, անոր արցախեան նոր քաղաքականութեան հետ եւ առարկել այդ քաղաքականութեան դէմ։ Բայց ըսել, որ ան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարքագիծին հետեւորդն է, կամ աւելի վատն է, քանի որ «Արցախը ծախած է», ոչ միայն ՄԵԾ ՍՈՒՏ է, այլեւ կիրքերը հրահրելու շատ վտանգաւոր մարտավարութիւն, որուն հեղինակները ժողովուրդին կողմէ քաղաքական բեմէն դուրս շպրտուածներն են։ Անոնք քաղաքական դաշտ վերադառնալու, Փաշինեանին տուն ճամբելու իրենց նպատակին հասնելու համար ընտրած են ապատեղեկատւութիւնն ու ստախօսութիւնը, դատարկ ճոռոմաբանութիւնն ու կիրքերու հրահրումը։ Ինքնահաստատման ու վերադարձի ուրիշ ճանապարհ չեն գտած ժողովուրդին կողմէ մերժուած այս մարդիկը, եւ ժողովուրդը սիրաշահող քայլերու փոխարէն, ահ ու սարսափ կը տարածեն՝ ժողովուրդին մէջ զայրոյթ հրահրելու եւ ներկայ իշխանութիւններուն դէմ հանելու արդէն բացայայտ մտադրութեամբ։

Յաջորդիւ՝ Լեւոնի, Սերժի, Նիկոլի այլ նմանութիւններու եւ տարբերութիւններու մասին։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէք ինծի։

[email protected]

Մեկնաբանել