«Տրոփ»ը կը յայտարարէ իր մեկնարկը

Աբրահամ Պողիկեան

«Տրոփ»ի (Սիվիլնեթ-ի նոր հաղորդում) առաջին հարցազրոյցը հրապարակուեցաւ Չորեքշաբթի առաւօտ։

Սիվիլնեթին եւ ուղղակի իմ հասցէիս եւ հեռախօսիս փոխանցուած քննադատական եւ գնահատական (անշուշտ գնահատանքը կ՝երթայ վաստակաւոր, սիրուած ու յարգուած մանկավարժ, գրականագէտ ու լեզուաբան դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանին, իսկ քննադատականը՝ ինծի) պատգամներուն համար շնորհակալ եմ։

«Տրոփ»ը պիտի շարունակէ քննարկումները, երբեմն մէկէ աւելի մասնակիցներով, նիւթերու լայն շրջանակի մը վերաբերեալ։

Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութեանց հանդէպ սփիւռքահայու տեսակէտները, վերլուծումները, կարծիքները եւս պիտի հնչեն այս հարթակէն։

«Տրոփ»ի խմբագրութիւնը, անշուշտ, պիտի դիմէ իրեն ծանօթ եւ իր փնտռտուքներու ճամբով ծանօթացած մասնագէտներու, մտաւորականներու, անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու համար ծրագրին։

Կը խնդրուի նաեւ մեզ հետ խօսք եւ միտք կիսելու պատրաստ անձերէն, Հայաստանի տարածքին ապրող, այցելող, թէ սփիւռքի ափերուն գտնուող, մարդիկ, որոնք մեր ծանօթութեան շրջանակէն դուրս են, կապ հաստատեն մեզ հետ, միասնաբար խորհրդակցելու համար քննարկումներուն մասնակցելու ձեւաչափը։ Նախապայման է արեւմտահայերէնի օգտագործումը։

«Տրոփ»ը նաեւ պիտի ունենայ ձայնագրման ծրագիր մը (podcast) , որ գլխաւորաբար պիտի ունենայ պատմողական նկարագիր, ներկայացնելով մարդկային փորձառութիւններ, ոչ միայն նշանակալի նուաճումներով հերոսներու՝ այլ մեր կողքին ապրող, աշխատող, ստեղծող մարդոց։

Հայաստանով ապրող, տագնապող սփիւռքահայու եւ հայրենադարձի բեմը պիտի ըլլայ «Տրոփ»ի ձայնաագրուող յայտագիրը՝ ուր պիտի արձանագրուին եւ Սիվիլնեթի հարթակէն պիտի սփռուին անոնց կեանքի դրուագները։

Մեզ հետ կապ հաստատելու համար կը խնդրենք գործածել հետեւեալ ե-հասցէն.

[email protected]

Մեկնաբանել