Երեւանի մէջ հրատարակուած է Յակոբ Օշականի «Կնքահայրը»

«Ակտուալ Արվեստ» հրատարակչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վերջերս «Սփիւռք» մատենաշարի ծիրէն ներս հրատարակած է Յակոբ Օշականի «Կնքահայրը» թատերախաղը` Մարկ Նշանեանի խմբագրութեամբ (յառաջաբանով եւ բառարանով):

Հատորի հրատարակութիւնը հովանաւորած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը։

Թատերախաղը առաջին անգամ հրատարակուած է 1990-ին Սան Ֆրանսիսքօ` Վահէ Օշականի կազմած «Երեք թատերախաղեր» հատորին մէջ։

Մեկնաբանել