Հայաստանի կառավարութեան պարտադիր ներդրումը արեւմտահայերէնի պահպանման գործին

Շուրջ տասնամեակ մը առաջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը դասեց վտանգուած լեզուներու շարքին: Այս որոշումը ազդարարեց արեւմտահայերէնի հանդէպ հետաքրքրութեան զգալի աճ մը, որ դրսեւորուեցաւ մասնաւորաբար սփիւռքեան գրաւոր մամուլին մէջ, մտահոգութիւն յայտնող, բացթողումներ մատնանշող կամ առաջարկներ կատարող յօդուածներով:

Խորքին մէջ արեւմտահայերէնը իբրեւ գրական եւ խօսակցական լեզու սկսաւ վտանգուիլ Միջին Արեւելքի գաղութներու նօսրացումով: Արեւմտահայերէն խօսող հիմնական զանգուածը այդ տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ բաժնուած էր, Եգիպտոս, Իրաք, Պաղեստին, Կիպրոս, Յունաստան եւ մանաւանդ Լիբանան եւ Սուրիա: Դժբախտաբար արաբական երկիրներու քաղաքական անկայուն վիճակը, Լիբանանի քաղաքացիական եւ ապա Սուրիոյ ու Ւրաքի ներքին պատերազմները պատճառ դարձան որ այդ երկիրներէն հայութեան մեծ տոկոսը գաղթէ մասնաւորաբար դէպի արեւմուտք: Քանի մը տասնամեակներու վրայ երկարող այս հոսքը եւ ժամանակի ընթացքին բնիկներու հետ մերուելու ընթացքը, նուազեցուց եւ մտահոգիչ աստիճանի հասցուց հայերէնախօսութիւնը վերոնշեալ երկիրներուն մէջ:

Հայաստանի անկախացումէն ետք, հայ մշակութային գործիչներու ներգրաւումը վերոնշեալ երկիրներու կրթական եւ մշակութային կեանքին մէջ, ունեցաւ իր ժխտական անդրադարձը թէ արեւմտահայերէնի եւ թէ անորմէ ծնունդ առած մշակոյթին պահպանման եւ զարգացման վրայ։ Միաժամանակ հայրենի մամուլին տարածումը եւ մանաւանդ հեռատեսիլի արբանեակային սփռումը, նաեւ՝ հայրենիքէն արտագաղթը դէպի արեւմտեան երկիրներ, ահագին չափերով նահանջի մատնեցին արեւմտահայերէնի գործածութիւնը տարբեր գաղութներու մէջ:

Դժբախտաբար անցնող այս տարիները, լաւապէս սերտուած, եւ ուսումնասիրուած ծրագիրներու եւ ապագայի յստակ տեսլականի բացակայութեամբ յատկանշուեցան: Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու թիւի նուազումը պատճառ դարձաւ բազմաթիւ դպրոցներու փակումին, հայեցիութեան նահանջին: Միաժամանակ սփիւռքահայ ղեկավարութիւնը չկրցաւ քայլ պահել գիտութեան զարգացման հետ եւ լաւագոյնս օգտագործել արհեստագիտութեան բարիքները հայերէնի եւ հայ մշակոյթի պահպանման համար:

Այսօր արեւմտահայերէնը տակաւին կը մնայ վտանգուած լեզու: Հայաստանի կառավարութիւնը իր տարեկան ծրագիրին մէջ արեւմտահայերէնին նեցուկ ըլլալու յանձնառութիւնը ստանձնեց եւ յատուկ կարգավիճակ տուաւ անոր:

Թէ կառավարութիւնը ինչ ծրագիրներ կը մշակէ արեւմտահայերէնի պահպանման համար, կամ այդ առումով ինչ ծրագիրներ կրնայ ֆինանսաւորել, այդ բոլորը ժամանակը ցոյց կուտայ, բայց կառավարութեան ծրագիրին համամիտ կամ դէմ ըլլալու պարագային ալ, արեւմտահայերէնի պահպանութեան անոր յանձնառութիւնը պէտք է խթան հանդիսանայ բոլոր այն հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք կրնան իրենց լուման բերել այս գործին:

Ներկայ ժամանակներուն, երբ հաղորդակցութեան միջոցները այսքան անմիջական են, երբ մամուլը համացանցի շնորհիւ արդէն սահմաններ չունի, երբ ամբողջ գրադարաններ կարելի է գտնել համացանցին վրայ, կամ մշակութային ձեռնարկներն ու մշակութային երեւոյթները տարածելը աննախընթացօրէն դիւրացած է եւ մատչելի՝ բոլորին, անհրաժեշտ է օգտուիլ այդ բոլոր հնարաւորութիւններէն:

Այսպէս.

Առաջին հերթին Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ունենալ արեւմտահայերէնի դասաւանդման դասապահ, առնուազն շաբաթական մէկ ժամ:

Հայաստանի գրականութեան դասագիրքերը պէտք է համալրուին արեւմտահայ գրականութեամբ: Այստեղ պէտք է նշենք որ արեւմտահայ գրականութեան մաս կը կազմէ նաեւ սփիւռքահայ գրականութիւնը, որ բաւականին անտեսուած է Հայաստանի դպրոցական ծրագիրին մէջ:

Հայաստան-սփիւռք համագործակցաբար ստեղծել առցանց դպրոց (ներ), արեւմտեան հեռաւոր գաղութներու հասանելի դառնալու։

Հայաստանի հեռատեսիլի բոլոր կայանները իրենց թէ՛ տեղական եւ թէ արբանեակային սփռումներով օրական ունենալ լուրերու սփռումի երկու հաղորդում արեւմտահայերէնով: Ինչպէս նաեւ շաբաթական երկու հաղորդում ունենալ արեւմտահայերէնով, որոնցմէ մէկը մանկական: Այս նոյն քաղաքականութիւնը թելադրուի (պարտադրուի) նաեւ ձայնասփիւռի կայաններուն:

Համացանցային մամուլը պէտք է ունենայ նաեւ իր ամբողջական արեւմատահայերէն տարբերակը: Անհասկնալի է որ բազմաթիւ թերթեր (հաւանաբար բոլորը) արեւելահայերէնի կողքին կը հրապարակուին տարբեր լեզուներով (անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւայլն), բայց չունին արեւմտահայերէն տարբերակ:

Բնականաբար կարելի է նաեւ ձեւեր եւ միջոցներ գտնել ընկերային ցանցերը եւս օգտագործելու նոյն այս նպատակին համար:

Վերոնշեալ առաջարկները մեծ ճիգ եւ անհնար կարելիութիւններ չեն պահանջեր, պարզապէս կամեցողութեան եւ կազմակերպման խնդիր է: Այստեղ պետութիւնը պէտք է ըլլայ թելադրող եւ նիւթական աջակցութիւն ապահովող եւ այս բոլորը համակարգող:

Վերջին տասնամեակին նաեւ մեծ է թիւը հայրենադարձներու, որոնք հիմնականին մէջ կուգան Միջին Արեւելքէն: Թերեւս կարճ ժամանակի մը համար անոնք լեզուական դժուարութիւններ կ՛ունենան, սակայն ժամանակի հետ ընտելանալով արեւելահայերէնին կը մոռնան իրենց «մայրենին»:

Արեւմտահայերէնի պահպանումը միմիայն լեզուի պահպանման մտահոգութիւն չէ եւ պէտք չէ այդպէս ըլլայ: Առաջին հերթին կայ արեւմտահայութեան մշակութային եւ գրական հսկայ ժառանգութիւնը, որ աւելի կ’իմաստաւորուի արեւմտահայերէնի իմացութեամբ եւ լեզուամտածողութեամբ:

Արեւմտահայերէնը ունի նաեւ քաղաքական պարունակ: Ան ցեղասպանութեան զոհ է եւ անոր վերացումը հայկական ցեղասպանութեան վերջին արարը կը կազմէ եւ անցեալի հետ (մշակոյթ, պատմութիւն, հայրենիք, իրաւատիրութիւն) ամէն յիշողութիւն պիտի սկսի հեռանալ մեր ժողովուրդի միտքէն:

Հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան խարիսխը պէտք է հանդիսանայ արեւմտահայերէնի պահպանումը, հեռու քաղաքական բանավէճերէ եւ սակարկութիւններէ: Լեզուի պահպանումն ու անոր անխաթար փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն նոյնքան սրբազան աշխատանք է, որքան նուիրումը հայրենի հողին:

Արեւմտահայերէնի պահպանումն ու տարածումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է եւ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է այդ աշխատանքին մասնակցութիւնը:

Մեկնաբանել