Պարետ վարդապետի սուտերը «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ կնքուած համաձայնագրին մասին

Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարքարանի կողմից «Կովերի պարտեզ» կալվածքը վարձակալության հանձնելու խնդիրը լայն արձագանք է ստացել սոցիալական հարթակներում և լրատվամիջոցներում։ Երուսաղեմի Սրբոց Հակոբյանց Միաբանության անդամները հայտարարություն են տարածել՝ մտահոգություն հայտնելով «Կովերի պարտեզ» տարածքի վարձակալության առնչությամբ։ Մեկ այլ հայտարարությամբ նրանք պահանջել են պատրիարքից չեղյալ հայտարարել «Կովերի պարտեզի» համաձայնագիրը։ ՍիվիլՆեթը թեմայի շուրջ զրուցել է Երուսաղեմի Պատրիարքության միաբանության ավագ անդամներից Արիս արք. Շիրվանեանի հետ, որը վստահ է՝ դեռ հնարավոր է անվավեր հայտարարել «Կովերի պարտեզի» գործարքը։ Թեմայի կարևորությունը հաշվի առնելով՝ ՍիվիլՆեթը հրապարակում է Երուսաղեմի Սրբոց Հակոբյանց Միաբանության նախկին անդամներից մեկի հոդվածաշարը՝ կատարված գործարքի, դրա իրավական կողմի ու հետևանքների վերաբերյալ։ Ստորև՝ երկրորդ հոդվածը։

Վերջերս «Հանրային Ռադիոյին» տուած հարցազրոյցի ընթացքին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ Պարետ վարդապետ բաւական սուտեր տարածեց, որոնք կրնան սխալ տպաւորութիւն ստեղծել մեր հայրենակիցներու միտքերուն մէջ, եթէ չմեկնաբանուին: Ատոր համար այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ այդ սուտերուն եւ տամ ճիշտ բացատրութիւններ:

Առաջին սուտը այն է, որ ան կը պնդէ թէ գործարքը շահութաբեր է վանքին համար: Հոս խիստ կը կասկածինք թէ համաձայնագիրը շահութաբեր էր վանքին համար: Թերեւս իր համար շահութաբեր էր, բայց ոչ վանքին համար: Այս պնդումին չեն հաւատար նոյնիսկ միաբան հայրերը: Նոյեմբեր 15-ին հրապարակած իրենց յայտարարութեան մէջ անոնք կ’ըսեն. «Համաձայնագրի ստորագրմամբ խախտուած է տասնամեակներ շարունակ պատրիարքութեան կողմէ որդեգրուած կարեւոր սկզբունք մը եւս, այն է. որեւէ կալուած վարձակալութեան տալու պարագային նուազագոյնը երեք առաջարկութիւն (bid) ընդունիլ եւ անոնցմէ յարմարագոյնը զատել ստորագրութեան համար: «Կովերու պարտէզի» կալուածի վարձակալութեան համար ընդունուած է ընդամէնը մէկ առաջարկութիւն, որը հնարաւորութիւն չէ տուած համեմատելու թէ արդեօք ան ամենէն շահութաբերն էր, թէ կրնար աւելի շահութաբեր առաջարկներ եւս ըլլային»:

Երկրորդ սուտը այն է, որ իբր Միաբանական ժողովը որոշում չէ առած, որ կալուածները պէտք է միայն 49 տարուոյ վարձակալութեան տրուին եւ ոչ թէ 99: Այս մասին միաբան հայրերը իրենց Հոկտեմբեր 27-ի յայտարարութեան մէջ յատուկ կը նշեն, որ 2015 թուականին Միաբանական ժողովը որոշած է. «Մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող որեւէ համաձայնագիր կը վաւերացուի Տնօրէն ժողովի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներու ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը, Տնօրէն ժողովը պարտի ներկայացնել Միաբանական Ընդհանուր ժողովին՝ վաւերացման համար»:

Երրորդ, բայց ամենէն վտանգաւոր սուտը այն է, որ Պարետ վարդապետ կը հերքէ թէ «Կովերու պարտէզի» վարձակալութիւնը վտանգաւոր գործարք մըն է: Այս եւ նախորդ սուտին պատասխանը պիտի տանք Նուրհան պատրիարքի խօսքերով, որ 2015 թուականին Երեւանին մէջ հարցազրոյց մը տուած է եւ կալուածներուն վերաբերեալ 1in.am-ի լրագրողի տուած հարցերուն պատասխանած է ճիշտ այս խօսքերով.

Ճիշտ է՞, որ մեր կալուածները 99 տարով վարձակալութեան են տրւում:

– Ոչ: Իմ ժամանակէս առաջ, Թորգոմ պատրիարքին ժամանակ տրուած է:

– Այսինքն սկսած ձեր պատրիարքութիւնի՞ց, պատրիարք եղած ժամանակ որեւէ հող այդքա՞ն …:

– Ոչ մէկ: Ոչ մէկ բան: Մենք հիմա նոյնիսկ նոր քաղաքականութիւն որդեգրած ենք, 25 տարուց աւելի չիկայ: Եթէ համաձայնութիւն ըլլայ, միայն 25 տարուայ համար է:

99 տարի նշանակում է արդեօ՞ք որ մենք կորցնում ենք այդ տարածքները:

– Այո: Ընդհանրապէս: Որովհետեւ չենք գիտեր 99 տարի վերջ ով կ’ըլլայ:Ատոր համար վերցուցած ենք այդ դրութիւնը:

Նուրհան պատրիարքը անձամբ կը վկայէ, որ իր որոշումով 99 տարուոյ վարձակալութեան տալու դրութիւնը Միաբանական ժողովը վերցուցած է, իսկ Պարետ վարդապետ ինքզինք արդարացնելու համար սուտեր կը տարածէ:

Ապա Պարետ վարդապետ հարցազրոյցի մէջ անամօթաբար կը ստէ եւ կը յայտարարէ, թէ զոյգ յայտարարութիւնները ստորագրած միաբան հայրերը ամէնն ալ լուր ունէին, որ համաձայնագիր պիտի ստորագրուի: Սակայն միաբան հայրերը այդ գործարքի մասին կրնային միայն գիտնալ, երբ անիկա բերուէր Միաբանական ժողովին: Միաբան հայրերը իրենց ստորագրած զոյգ յայտարարութիւններու մէջ ալ կը տեղեկացնեն, որ իրենք բնաւ լուր չեն ունեցած այդ համաձայնագիրէն: Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութեան մէջ անոնք ուղղակի գրած են. «Անգամ մը եւս կը վկայենք, որ այն չէ քննարկուած Տնօրէն ժողովի մէջ, քուէարկութիւն չէ եղած եւ չէ վաւերացուած Տնօրէն ժողովի կողմէ: Աւելին, քանի որ համաձայնագիրը 99 տարուայ է, ապա այն պիտի վաւերացուէր Միաբանական ժողովի կողմէ եւ ստորագրուէր նաեւ Միաբանական ժողովի ատենապետի կողմէ: Այս պահանջները ամբողջովին անտեսուած են եւ համաձայնագրի ստորագրումը, այո՛, հակականոնական է եւ կը հակասէ Կանոնադրութեան պահանջներուն»:

Հարցազրոյցին մէջ Պարետ վարդապետ նաեւ կը ստէ եւ ամբողջ հայութեան կը խաբէ ըսելով որ պատրիարքը կալուածներու վերաբերեալ միանձնեայ որոշում առնելու իրաւունք ունի եւ կրնայ ստորագրել: Այս սուտի վերաբերեալ եւս պիտի բացատրեմ Միաբան հայրերու խօսքերով, որոնք շատ մանրամասն կը բացատրեն այս հարցը՝ իրենց Նորեմբեր 15-ի յայտարարութեան մէջ: Համաձայն յայտարարութեան. «Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կանոնադրութիւնը յստակ կը սահմանէ, որ Սրբոց Յակովբեանց Առաքելական Աթոռոյ Վարչութիւնը յաձնուած է Երուսաղէմի Ս. Պատրիարքին, որ կը գործէ օրինաց սահմանին մէջ՝ ըստ տրամադրութեան Կանոնադրութեան (Յօդ. 21, էջ 11): Աւելին, կանոնադրութիւնը յստակ կը սահմանէ, որ Սուրբ Աթոռոյ կառավարման համար Պատրիարքին պաշտօնն է միանգամայն եւ պարտաւորութիւնը ճշտիւ հետեւիլ Միաբանութեան Կանոնագրին (Յօդ. 23, էջ 11): Վերոնշեալ յօդուածները յստակ կը սահմանեն, որ Սուրբ Աթոռոյս գահակալները կը գործեն համաձայն Կանոնադրութեամբ իրենց տրուած իշխանութեան եւ ոչ թէ պատրիարքական հեղինակութեամբ»:

Պարետ վարդապետին սուտերը այնքան շատ են, որ չկրցայ ամէնը յօդուածի մը մէջ ներառել: Ուստի միւս սուտերը կը ներկայացնեմ յաջորդ յօդուածին մէջ:

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան նախկին անդամ

Կարդացե՛ք հոդվածաշարի առաջին հոդվածը

Մեկնաբանել