«Բերանդ Քաղցրացուր Աղօթելով Մարգարէին»

Aleppo-Mosque_2595098k– Ազատ ժամանակդ աղօթքով լեցո՛ւր…

Այս նախադասութիւնը առաջին անգամ կարդացած եմ թերեւս երկու տասնամեակ առաջ, երբ օթօպիւսը կանգ առաւ կարմիր ազդանշանին առջեւ, եւ ի զարմանս ինծի նկատեցի որ բազմաթիւ շրթունքներ սկսան աղօթք մրմնջելու…

Ապա փողոցին մէջ սկսայ նկատել անընդհատ մրմնջող շրթունքներ, որոնք կը գործադրէին եւ մինչեւ այսօր կը գործադրեն իրենց տրուած խորհուրդ-հրահանգը. Բերանդ քաղցրացուր աղօթելով Մարգարէին… Եւ իրենց ազատ ժամանակը աղօթքով լեցուցին ու իրենց բերանը քաղցրացուցին բոլորը՝ բժիշկն ու փաստաբանը, առեւտրականն ու նպարավաճառը, գործատէրն ու բանուորը: Այս երեւոյթը ընդհանրացաւ նոյնիսկ բանակի որոշ տարրին մօտ:

Շատ լաւ կը յիշեմ, տարիներ առաջ եօթ-ութ ուսուցիչներով պարբերաբար ընթրելու կ’երթայինք, ուշ գարնան նաեւ երբեմն ճաշի: Շատ ուրախ ժամանակ կ’անցնէինք, կատակներով եւ աշակերտներու չարաճճի պատումներով լի: Բոլորս ոգելից խմիչքներ կ’ըմպէինք եւ մթնոլորտը աւելի ու աւելի մտերմիկ կը դառնար:

Մեր ընթրիքի երթերը կը շարունակուէին սակայն մեր իսլամ ընկերներուն մօտ քիչ-քիչ կը մարէր սէրը խմիչքին հանդէպ, հասնելով զէրօ կէտին ապա նաեւ հակակրանքի նշաններու ցուցադրութեան, հասանք հոն որ կէս շիշ ուիսքի խմող մեր մէկ ընկերը սկսաւ միայն գարեջուր խմել այն ալ առանց ալքոլի..

Մեր սահրաները` գիշերային ժամանցները ժամանակի ընթացքին դադրեցան: Միւս կողմէ մեր իսլամ ուսուցիչները խնդրեցին եւ պահանջեցին որ ուրբաթ կէսօրներուն իրենց դասապահեր չտրուին, որովհետեւ մզկիթ պիտի երթային աղօթելու: Մզկիթները Հալէպի մէջ միշտ ալ հաւատացեալներու պակաս չեն ունեցած, իսկ ահա ուրբաթ կէսօրները դարձան լեփ-փեցուն, կարպետներ կը փռուէին մզկիթներու բակերուն մէջ, կարպետները սկսան երկարիլ եւ հասնիլ փողոց:

Մեր թաղին մէջ մզկիթ մը կառուցուեցաւ:

-Ինչո՞ւ,- կը զարմանայինք մենք, -Չէ՞ որ այս շրջանի հաւատացեալները եկեղեցիներու մէջ կը կատարեն իրենց պաշտամունքը: Շուտով նկատեցինք որ ուրբաթ կէսօրներուն այս շրջանին փողոցները կը լեցուէին հարիւրաւոր ինքնաշարժերով, որոնց տէրերը եկած էին հեռաւոր եւ ամենայ հեռաւոր թաղամասերէն: Այստեղի քարոզի՞չը կը մագնիսացնէր զիրենք, թէ (մեղա՜յ, մեղա՜յ) մեր «աչքը կտրել»ու համար այսքան երկար ճամբայ կ’անցնէին, թէեւ պէտք է ըսել որ այդ ժամանակ պէնզինն ալ շատ էր ու աժան, եւ կարելի էր պտոյտի պէս գալ եւ քանի մը ժամ անցընել, աղօթքէն ետք նաեւ հետաքրքրական զրոյց ունենալ, նոր ծանօթներ ունենալ եւայլն: Կարգ մը չար լեզուներ կ’ըսէին թէ աղօթքէն ետք գործի մասին զրոյցներու ընթացքին կը հնչէին այնպիսի նախադասութիւններ ինչպիսին են, «Մենք, մերիններուն պէտք է գործ տանք, ի՛նչ ընենք որ միւսերը աւելի վարպետ են, մերիններն ալ աշխատելով վարպետ կը դառնան… Մենք հաւատացեալներս միայն իրարմէ պէտք է ապրանք գնենք» եւ այլն : Այսպիսի զրոյցներ ես չէի կրնար լսած ըլլալ, բայց հաւատալու համար ալ շատ հակամէտ չեմ եղած…

Անցեալ դարու եօթանասունականներուն դիւրացաւ եկեղեցի եւ մզկիթ կառուցելը, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ համայնք նոր եկեղեցի մը խոյացուց առ Աստուած, անհամեմատ բազմացան մզկիթները, որոնց կողքին բացուեցան կրօնական դպրոցներ- մենք հին Հալէպի ներքին փողոցները շատ չէինք երթար նկատելու բազմաթիւ փոքր տղաք որոնք գլուխներուն գդակներ այդ դպրոցները կը յաճախէին, բազմացան Շարիաթի պետական պաքալորիա ստացողները, համալսարանի մէջ Շարիա’աթ ուսանողները… ի հաշիւ նախորդ տարիներու երիտասարդական ձախակողմեան մտայնութեան. բազմացան Գուրանը գոց սորվելու մրցոյթները.. կրօնական մոլեռանդութիւնը ծաղկունք ապրեցաւ, սողոսկելով նաեւ պետական շրջանակները. իսլամական պահքի ամիս Րամատանին փողոցի մէջ ծխողներ կամ կերակուր համտեսողներ երբեմն բանտերու մէջ գիշերեցին…

Եւ այս բոլորը մեր չտեսնել ձեւացնող աչքերուն առջեւ… Մինչ մեր շրջապատին մէջ կը բազմանային գլուխ կամ դէմք ծածկողները, մեր աղջիկներն ու կանայք կը կարճեցնէին իրենց փէշերը ու խմիչքի գործածութիւնը աւելի ու աւելի կը տարածուէր մեր մէջ, ընդգրկելով երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները: Աչք ծակող ցուցադրութիւնը կը տիրէր մեր նիստ ու կացին. արդեօք պէտք է աւելի՞ զգոյշ ըլլայինք՝

-Ինչո՞ւ այս բոլորը հիմա կը յիշեմ:

-Որովհետեւ կը վախնամ ապագայէն:

Որովհետեւ հիմա կը հասկնամ որ Տաէշը` Իրաքի եւ Շամի Իսլամական Պետութիւնը (ԻՇԻՊ) արդէն իրեն համակրող եւ զինք ընդունելու պատրաստ լայն շրջանակ ունէր, եւ այդ շրջանակը շատ պիտի չնեղնայ մի քանի եւրոպացիներու մորթուելով, եւ նոյնիսկ եթէ Տաէշը ֆիզիքապէս պարտուի, ապա Տաէշական մտայնութիւնն ու մոլեռանդութիւնը երկար ատեն պիտի մնան գերիշխող:

Ի՞նչ պիտի ընենք մենք, ինչպէ՞ս պիտի ապրինք, հաւաքականօրէ՞ն մտածենք այս մասին, թէ ամէն մէկը թող շարունակէ ինքն իր գլխուն ճարը գտնել:

Դժուար ժամանակներ կը սպասեն մեզ, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք մոլեռանդութեան կիսագրագիտութիւնը եւս:

Մեկնաբանել