Ամերիկահայ Փողարեանները Գոշեցի կ՝ուզեն դառնալ

Գոշի մէջ տնաւորուիլ, Գոշի բնակիչներուն հետ մերուիլ, թեւ թեւի, գոշեցիներու հետ գիւղի զարգացման, գիւղի երեխաներու եւ ընդհանրապէս գիւղացիներու կեանքի որակը բարձրացնելու համար աշխատիլ. այս նպատակով Լոս Անճելոսէն Հայաստան եկած Ասպետ եւ Այդա Փողարեաններըթեւակոխած են իրենց կեանքի նոր հանգրուանը։

Իրենց այս ծրագրին անոնք մասնակից կը դարձնեն նաեւ աշխարհասփիւռ իրենց ընկերները, հարազատները ու բարեկամները, որոնք սիրով Գոշը եւ Փողարեաններու նոր օճախը դարձուցած են իրենց հայաստանեան այցելութեան կայաններէն մէկը։

Ինչ քայլեր արդէն առած են այս ուղղութեամբ եւ ինչ կը ծրագրեն։ Այս մասին Սիվլնեթի«Տրոփ» հաղորդումէն Փողարեանները զրուցեցին Պողիկեան Աբոյին հետ։

Մեկնաբանել