Պուտինի դէմ վճռի գործադրութեան հաւանականութիւնը

ՄԱԿի Միջազգային քրէական դատարանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Պուտինին ձերբակալելու վճիռ կայացուցած է՝ ամբաստանելով զինք Ուքրանիոյ տարածքէն երեխաներ բռնի կերպով Ռուսիա վերաբնակեցնելու յանցանքով։ Գործադրելի՞ է այս վճիռը, եթէ գործնականօրէն ոչ, ապա ինչ է անոր նշանակութիւնը, ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Ռուսիոյ նախագահին համար։ Այս հարցի քննարկման նուիրուած էր Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրի զրոյցը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանին հետ։

Զրոյցը ծաւալեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ միջազգային կառոյցներու հետ յարաբերութեանց ու անոնց արդիւնաւէտութեան մասին՝ անվտանգութեան ապահովման երաշխիքներ փնտռելու համածիրէն ներս։ Մէկ կողմէ արեւմտեան երկիրներու պետութեանց, միւս կողմէ միջազգային կառոյցներու աջակցութիւնը փնտռող Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութիւնը անհրաժեշտ ճկունութիւնը կը ցուցաբերէ՞ իր անվտանգութեան խնդիրները այնպէս կառավարելու, որ իր վրայ չհրաւիրէ այլ՝ յատկապէս ռուսական հարուածներ։

Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան

Մեկնաբանել