Եթէ ձայնն ու կամքը պակսի…

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դի­տելով Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան ներ­կայ իրա­վիճա­կը մեր դի­մաց կը պար­զո­ւի շատ հե­տաքրքրա­կան պատ­կեր մը։

Աւե­լի քան 150 տա­րուայ մար­մաջ մըն է Թուրքիոյ մէջ պե­տական վար­չա­կար­գը մե­նատի­րու­թե­նէ ազա­տելով օրի­նական հիմ­քի մը վրայ կա­ռու­ցել։ Եթէ խօ­սինք օրի­նական հիմ­քի մա­սին, կը կա­րօտինք օրէնքնե­րու կարգն ու կա­նոնը երաշ­խա­ւորող սահ­մա­նադ­րութեան մը։ Թուրքիոյ մէջ այս առու­մով առա­ջին փորձն է «Հայ ազ­գի կա­նոնագ­րութիւ­նը»ի հրա­պարա­կու­մը 1863-ին։ Այդ կա­նոնա­գիրը սահ­մա­նուած էր կայսրու­թեան հպա­տակ հայ ազ­գով։ Զայն պատ­րաստող իրա­ւաբան­նե­րը ու­րիշնե­րու ալ մաս­նակցու­թեամբ հա­զիւ 13 տա­րի վերջ, 1876-ին յա­ջողե­ցան երկրի հա­մընդհա­նուր սահ­մա­նադ­րութիւ­նը յայ­տա­րարե­լու։

Սահ­մա­նադ­րութիւ­նը բնա­կանա­բար իր հետ պի­տի բե­րէր օրի­նակա­նու­թեան դաշտ մը եւ թա­գաւո­րը պի­տի ստի­պուէր իր որո­շումնե­րը այդ կա­նոն­նե­րուն պատ­շա­ճեց­նե­լու։ Ու­րեմն ձե­ւով մը վերջ տրուած կ՚ըլ­լայ աւան­դա­կան մե­նատի­րու­թեան։ Անցնող շուրջ 150 տա­րինե­րէ ետք ներ­կայ իրա­վիճա­կը սահ­մա­նադ­րութեան ան­տե­սումն է եւ մե­նատի­րական վար­չա­կար­գի վե­րահաս­տա­տու­մը։

Այ­լեւս գաղտնիք չէ թէ Թուրքիոյ խորհրդա­րանի մե­ծամաս­նութիւ­նը կը բաղ­կա­նայ հե­ղինա­կու­թե­նէ զուրկ պատ­գա­մաւոր­նե­րէ, որոնք կը կազ­մեն իշ­խա­նու­թեան դա­շին­քը եւ իրենց կամ­քը ճշդողն ալ երկրի նա­խագահն է։ Այս ընդհա­նուր պատ­կե­րին մէջ, երբ օրա­կար­գի կու գայ «հան­րա­պետու­թիւնը ին­չո՞ւ հա­մար չար­տադրեց ժո­ղովրդա­վարու­թիւն» հար­ցումը կար­ծես ներ­կա­յի պատ­կե­րը ինքնին պա­տաս­խան մըն է նաեւ։

Թուրքիոյ մէջ նախ թա­գաւո­րու­թեան փո­խարէն հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­մը, ապա միակու­սակցա­կան շրջա­նէն դէ­պի բազ­մա­կու­սակցու­թիւն անցնի­լը եւ զու­գա­հեռ բազ­մա­թիւ բա­րեփո­խումներ կա­յացան ոչ թէ ժո­ղովուրդի կամ­քով, այլ իշ­խա­նաւոր­նե­րու ժա­մանա­կի պա­հանջնե­րու հա­մաձայն հե­տեւած քա­ղաքա­կան մի­ջամ­տութիւննե­րով։

Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ բո­լոր այն զար­գա­ցումնե­րը, որոնք կը պատ­շա­ճէին ժա­մանա­կի ըն­կա­լումնե­րուն հա­մապա­տաս­խան պաշտպա­նու­թիւնը չու­նե­ցան ժո­ղովուրդի լայն խա­ւերու կող­մէ։

Օրո­ւայ տի­րող ու­ժը ժո­ղովուրդին մա­տու­ցեց հան­րա­պետու­թիւն եւ ան­ձայն հա­սարա­կու­թիւնը հա­մակեր­պե­ցան այդ տնօ­րինու­թեան։ Ներ­կայ իշ­խող ու­ժը կը թե­լադ­րէ ընդ հա­կառա­կը, երբ ան­ձայն հա­սարա­կու­թիւնը կը հա­մակեր­պի այս տար­բե­րակին։ Ու­րեմն ակնկա­լու­թիւններ սնու­ցե­լու հա­մար նախ հա­սարա­կու­թիւնն է, որ ձայն եւ հետզհե­տէ կամք պի­տի դրսե­ւորէ, որ­պէսզի տէր կանգնի իրեն ի նպաստ ձեռքբերումներուն։

Մեկնաբանել