Հայտար Ալիեւի Յուշարձանները Վերցնելու Պահանջով Ցոյց՝ Պերլինի Մէջ

Գերմանաբնակ ատրպէյճանցիներ Պերլինի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին՝ պահանջելով վերցնել Հայտար Ալիեւի յուշարձանները: Ցոյցը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ Եգիպտոսի եւ Սերպիոյ դեսպանատուներուն առջեւ:

Այս մասին, «Մէյտան Թի.Վի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ ցոյցի կազմակերպիչներէն Է. Քասիմով:

Կազմակերպիչները ապա դիմեցին վերոնշեալ դեսպանատուներուն: Անոնց յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, թէ Եգիպտոսի եւ Սերպիոյ մէջ ժողովրդավարութենէ հեռու գտնուող Հայտար Ալիեւի արձանի գոյութիւնը առնուազն անյարգալից վերաբերմունք է ժողովրդավարական սկզբունքներուն նկատմամբ:

Ցուցարարները այդ երկիրներէն պահանջեցին վերատեսութեան ենթարկել Ատրպէյճանի հետ իրենց յարաբերութիւնները եւ Պաքուի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին՝ ապահովելու խօսքի ազատութիւնը եւ ազատ արձակելու քաղաքական բանտարկեալները:

Մեկնաբանել