Առցանց Հրատարակուած Է Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի Ուղղագրական, Ուղղախօսական, Ոճաբանական Ուղեցոյց»ը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը յայտարարէ, որ «Նայիրի» հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի՝ «Արեւմտահայերէնի Ուղղագրական, Ուղղախօսական, Ոճաբանական Ուղեցոյց»ը թուային ձեւաչափով։

«Այս ընդարձակ ու մանրակրկիտ ուղեցոյցը, իր իւրայատուկ մօտեցումով եւ ձեւաչափով կը գոցէ բաց մը, որ երկար տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէր արեւմտահայախօս աշխարհին մէջ», կ՛ըսէ բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան։

Բժիշկ Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս ուղեցոյցը իր բարձր որակով եւ լայն տարողութեամբ եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով ու կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», կը նշէ հեղինակը իր յառաջաբանին մէջ։

Իր թուայնացած բնոյթով՝ այս աշխատասիրութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ զարգանալ, բարեփոխուիլ, նոր հարցեր ընդգրկել ու միշտ մնալ այժմէական։ Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է ոճաբանութեան բաժինը, որ անվարան կրնայ նկատուիլ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի դաստիարակչական մատեան մը։

Ուղեցոյցէն կրնան օգտուիլ բոլորը՝ աշակերտ թէ ուսուցիչ, գրող թէ խմբագիր, մասնագէտ թէ պարզ ընթերցող՝ դիւրութեամբ որոնելով եւ գտնելով իրենց փնտռած լեզուական կամ քերականական տեղեկութիւնը, յաճախ նաեւ ծանօթանալով տուեալ գրելաձեւին կամ բառեզրին պատմութեան կամ արմատներուն։

Մեր խորհին շնորհակալութիւնը՝ Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանին (ընդհանուր ղեկավար-համադրող), Յարութիւն Քիւրքճեանին (վերստուգող խմբագիր), Վրէժ-Արմէն Արթինեանին (խմբագիր) եւ Սէրուժ Ուրիշեանին («Նայիրի» կայքէջ) իրենց նուիրումին եւ խղճամիտ աշխատանքին համար։

Դժուար եւ խնամեալ էջադրումը կատարուած է Մարինա Չիլ Աբոշեան Պօղիկեանի, իսկ կողքի եւ գեղարուեստական ընդհանուր ձեւաւորումը՝ Նունէ Խիւդավերդեանի կողմէ։

Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար nayiri.com-էն կամ օգտագործել առցանց՝ կայքէջին վրայ։

Մեկնաբանել